Ռուսաստանի Մէջ Մտադիր Են Պետական Դումայի ՄԷջ Քննարկման Դնել Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ

«Արդար Ռուսաստան» կուսակցութիւնը մտադիր է ՌԴ պետական դումայի մէջ քննարկման դնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ: Այս մասին Նոյեմբեր 25­-ին յայտարարած է կուսակցութեան նախագահ Սերգէյ Միրոնով լրագրողներուն հետ հանդիպման:

«Մենք յառաջիկայ օրերուն Պետական դումա կը մտցնենք օրինագիծ, ինչպէս ատիկա ըրին Ֆրանսայի մէջ, որպէսզի երկրին մէջ քրէօրէն պատժուին Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները: Բոլորին յայտնի է պատմական այդ փաստը` Ցեղասպանութիւնը, որ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրագործած է Թուրքիան»,­-«Արմէնփրէս»­-ի հաղորդմամբ` ըսած է Միրոնով` Թուրքիային յիշեցնելով սեփական անցեալը:

Անոր խօսքով` Թուրքիան, Նոյեմբեր 24­ին խոցելով ռուսական ռազմական ինքնաթիռը, եւս մէկ անգամ ապացուցած է, որ միջազգային ահաբեկչութիւնը սնող պետութիւն է:

Scroll Up