Քեսապցիներ Տեսած Են, Թէ Ինչպէս Թրքական Կողմէ Հրթիռ Մը Հատած Է Սուրիական Սահմանն Ու Հարուածած Ռուսական Օդանաւը

Քեսապցիներ Տեսած Են, Թէ Ինչպէս Թրքական Կողմէ Հրթիռ Մը Հատած Է Սուրիական Սահմանն Ու Հարուածած Ռուսական Օդանաւը

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ եւ բանբեր Կարօ Մանճիկեան «Գանձասար»ին յայտնեց, թէ անցնող օրերուն Քեսապի շրջակայքը կրկին լարուած էր, յատկապէս թնդանօթային զարկեր տեղի կ՛ունենային։ Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կը վայելեն Թուրքիոյ աջակցութիւնը, կրկին փորձած են յարձակիլ շրջանի սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ, բանակը սակայն իր վերահսկողութեան տակ առած է Քեսապէն 25-30 քլմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող շարք մը հովիտներ ու գագաթներ, յատկապէս Քեսապէն 15 քլմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Զահի լեռնագագաթը, որ կը գտնուէր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հսկողութեան տակ։ Սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրած է նաեւ Սէլմէ գիւղին մէջ։ Անդրադառնալով Սուրիա Թուրքիա սահմանին մօտ ռուսական օդանաւի ջախջախման Մանճիկեան յայտնեց, որ քեսապցիներ տեսած են, թէ ինչպէս թրքական հողերէն հրթիռ մը հատած է սուրիական սահմանն ու հարուածած ռուսական օդանաւը սուրիական սահմանէն ներս։ Անոնք տեսած են նաեւ օդապարիկներով սուրիական հողերուն վրայ վայրէջք կատարել փորձող ռուս օդաչուները։ Ըստ տեղական աղբիւրներու մէկ օդաչուն սպանուած է, սակայն երկրորդը ողջ է:

Շրջանի բնակչութեան համաձայն, թրքական այն տեղեկութիւնները, թէ Զահի լեռնագագաթին ետեւ թուրքմէններ կան եւ Թուրքիան կը փորձէ պաշտպանել անոնց ռուսական օդուժի հարուածներէն, իրականութեան չեն համապատասխաներ։ Նշեալ շրջանի Եամատիիէ գիւղի Քարաքինիսի կոչուած մասը երկար ատենէ ի վեր դարձած է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու գաղթակայան։ Քեսապցիներ հաստատ գիտեն, որ այնտեղ կը գտնուին տեսակաւոր զինեալ խմբաւորումներ։

Scroll Up