Արցախի Վարչապետը Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիպած Է Հայկական Վարժարաններու Սաներուն Եւ Խումբ Մը Բբարերարներու Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Արայիկ-Հարությունյան2.jpg)
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 23-ին այցելած է Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայկական վարժարաններ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած խումբ մը բարերարներու հետ:
Ա. Յարութիւնեան այցելած է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանները, ծանօթացած կրթօճախներու պայմաններուն եւ պատմութեան: Վարչապետը ներկայ գտնուած է աշակերտներուն կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն` բարձր գնահատելով վարժարաններու դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին:
Վարչապետ Յարութիւնեան այնուհետեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի առաջնորդարանին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ հանդիպած է խումբ մը բարերարներու, անոնց ներկայացուցած Արցախի զարգացման հեռանկարներն ու պայմանները: Ան ներկաներուն հետ քննարկած է համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններ:
Հանդիպման աւարտին վարչապետը յորդորած է բարերարներուն աշխուժօրէն աջակցիլ Նոյեմբեր 26-ին նախատեսուած հեռուստամարաթօնին, որուն ժամանակ հաւաքագրուած գումարները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով պիտի ուղղուին հայրենիքի զարգացման գործին: