Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Լիթվայի Գաունաս Քաղաքին ՄԷջ

Նոյեմբերի ընթացքին Լիթվայի Գաունաս քաղաքի Ա.Մարտինայտիսի անուան գեղարուեստական դպրոցը Գաունասի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ եւ Լիթվայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ` ներառեալ Հայաստանին նուիրուած «Փոքր երկիր` մեծ ազգ» եւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն» ցուցահանդէսները:  Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Նոյեմբեր 1-ին` Կաթոլիկ աշխարհին մէջ նշուող Բոլոր Սուրբերու օրը, գեղարուեստական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութեան արարողութիւն Գաունասի արքեպիսկոպոս Սիգիտաս Տամկեաւիչուսի մասնակցութեամբ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած 1.5 միլիոն նահատակներուն:

Նոյեմբեր 19-ին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ձեռնարկը` «Փոքր երկիր` մեծ ազգ» խորագիրով ցուցահանդէս-մրցոյթի մասնակիցներու պարգեւատրումը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Լիթվայի մէջ ՀՀ դեսպան Արա Այվազեան եւ Ա.Մարտինայտիսի անուան գեղարուեստական դպրոցի տնօրէն Ժիկիմանտաս Շարակաուսկաս:

Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցան լիթվական ազգագրական «Ռատիլելիս» անսամպլը եւ Գաունասի հայ համայնքի «Հայրենիք» համոյթը: Վիթաութաս Մակնուսի համալսարանի ուսանողները ընթերցեցին հատուածներ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» բանաստեղծութենէն:

Ձեռնարկին ներկայ էին կրօնական կառոյցներու, քաղաքապետարանի, լիթվահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, արուեստի գործիչներ, դպրոցի սաներ:

Scroll Up