Նունէ Եսայեանի` «Կանք Պիտի Լինենք Ու Դեռ Շատանանք» Կարգախօսով Համերգաշարը Գանատայի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Նոյեմբեր 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թորոնթօ քաղաքին մէջ կայացաւ Նունէ Եսայեանի` «Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կարգախօսով համերգը:
Համերգին ներկայ էին Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, գանատահայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նունէ Եսայեանին` հայ երաժշտութիւնն ու մշակոյթը աշխարհի մէջ տարածելու եւ սփիւռքի հայ համայնքներուն Հայաստանի շունչը փոխանցելու համար, ինչպէս նաեւ ընդգծեց համերգներու կազմակերպման փաստի կարեւորութիւնը յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Նշենք, որ Նունէ Եսայեան «Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» համերգային ծրագիրով հանդէս եկած էր նաեւ Ամերիկայի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի մէջ: Համերգային ծրագիրը ամենուրէք արժանացած է ջերմ ընդունելութեան: