17-ամեայ Լոլա Ուզունեանը մահացած է, ծնողքը ճանչցած են անոր

Նոյեմբեր 13-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններէն յետոյ կորած համարուող 17-ամեայ հայուհի Լոլա Ուզունեան մահացած է: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայտնեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահ Մուրատ Փափազեան: Անոր խօսքով, լուրը ծնողքին յայտնած են իրաւապահները, ծնողքը ճանչցած են աղջկան դին:

Աղջկայ յուղարկաւորութեան օրուան մասին առ այժմ որեւէ բան յայտնի չէ: Մուրատ Փափազեանի փոխանցմամբ, դեռեւս  շարք մը փորձաքննութիւններ պէտք է իրականացուին:

Յիշեցնենք, որ 17-ամեայ հայուհին Նոյեմբեր 13-ին հօր հետ ներկայ եղած է Bataclan թատրոնին մէջ Eagles of Death Metal ամերիկեան ռոք խումբի համերգին: Իրարանցումին ժամանակ հայր ու դուստր կորսնցուցած էին իրար: Հայրը փրկուած էր, իսկ Լոլան անհետ կորած էր, եւ  քանի մը օր կ’որոնէին անոր:

Նոյեմբեր 13-ի երեկոյեան Փարիզի մէջ ահաբեկչութիւններու շարք մը տեղի ունեցած է: Ահաբեկիչները երեք պայթիւն  իրականացուցած են «Stade de France» մարզադաշտին մօտ, ինչպէս նաեւ կրակոցներ արձակած ճաշարանի մէջ եւ պատանդներ վերցուցած «Bataclan» համերգասրահին մէջ ռոք համերգի ժամանակ:

Ահաբեկչութիւններու հետեւանքով, պաշտօնական տուեալներով, զոհուած է 129 մարդ: Վերջին տուեալներով, վիրաւորներու թիւը 352 է, որոնցմէ 99-ի վիճակը ծայրայեղ ծանր է:

Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին արտակարգ դրութիւն  յայտարարուած է:

 

Scroll Up