«Հայոց ցեղասպանութիւնը` միջազգային յարաբերութիւններու ծիրէն ներս» թեմայով համաժողով կ’իրականացուի Արժանթինի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Արժանթինի  կաթոլիկ համալսարանին մէջ Նոյեմբեր 27-ին համաժողով քննարկում կ’իրականացուի` «Հայոց ցեղասպանութիւնը` միջազգային յարաբերութիւններու ծիրէն ներս» խորագիրով, armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ` կը հաղորդուի համալսարանի պաշտօնական կայքին մէջ:

Համաժողովի բանախօսները պիտի ըլլան Արժանթինի Ազգային պաշտպանութեան դպրոցի փրոֆէսորներ Ատոլֆօ Քութուճեան, Ֆերնանտօ Օհաննէսեան, Արժանթինի կաթոլիկ համալսարանի փրոֆէսոր Էմիլիօ Փինտոս:

Համաժողովը կը համակարգէ Արժանթինի կաթոլիկ համալսարանի փրոֆէսոր Լէոնարտօ Հեքիմեան:

 

Scroll Up