Գերմանիոյ Կէօփինկէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւն

Նոյեմբեր 14-ին Գերմանիոյ Կէօփինկէն քաղաքի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւն: Ցոլակ Վարդանեանի քանդակած խաչքարը նուիրատուութիւն էր գերմանացի գործարար Եոհաննէս Կերխերից Պատէն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքին` ի նշան հայ-գերմանական բարեկամութեան եւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Գերմանիոյ իր աղբիւրները:

Խաչքարի օծման արարողութիւնը իրականացուցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գերմանահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Գարեգին արքեպ․Պեքճեան, Պատէն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ տէր Տիրատուր քհն․ Սարդարեանի եւ բարեշնորհ Արման սրկ․Փիլիպոսեանի ընկերակցութեամբ: Բացման արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Գերմանահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տ․ Գարեգին արքեպ․ Պեքճեան եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Աշոտ Սմբատեան, ինչպէս նաեւ Կէօփինկէնի քաղաքապետ Կուիտօ Թիլը եւ նուիրատու Եոհաննէս Կերխերը, որ իր խօսքին մէջ նշեց այն պատճառները, որոնք շարժառիթ հանդիսացած են խաչքարը Պատէն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքին նուիրելու համար:

«Ես կը կամենամ, որ մեր հայ բարեկամները իմանան, որ Գերմանիոյ մէջ իրենք ունին համախոհներ, որոնք իրենց կողքին են: Իմ նպատակս է  այս խաչքարով Պատէն-Վիւրթեմպերկի մէջ ստեղծել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան  վայր մը, որ կը համախմբէր այս երկրամասին մէջ ապրող բոլոր հայերը»-ըսած է պարոն Կերխեր: Հանդէսը շարունակուեցաւ հոգեւոր երաժշտութեամբ, որ ունկնդիրին մատուցեցին շթութկարտաբնակ արուեստագէտներ Արմինէ Ղուկասեան (սոփրանօ) ու Իզապելա Մելքոնեան (դաշնամուր):

Գերմանական եւ հայկական հոգեւոր երգերով արուեստագէտները դրական լիցքեր հաղորդեցին արարողութեան ներկայ բազմաթիւ հիւրերուն ու մեր հայրենակիցներուն: Բացման արարողութիւնը աւարտեց համայնքի հոգեւոր հովիւի շնորհակալական խօսքով:

03  05

Scroll Up