Մօտ Հազար Քեսապահայ Վերադարձած Է Տուն. Գէորգ Եազճեան

Քեսապի հայ բնակչութեան 40 տոկոսը վերադարձած են` մօտաւորապէս հազար հոգի: Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է սուրիահայ պատմաբան Գէորգ Եազճեան` նկատելով, որ անոնց մէջ քիչ են երիտասարդները:
Յիշեցնենք, որ ասկէ երկու ամիս առաջ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի անդամ, Քեսապ բնակող Կարօ Մանճիկեան յայտնած էր, որ ժողովուրդին 85 տոկոսը վերադարձած է Քեսապ:
«Քեսապի մէջ ժամանակաշրջանին բնակչութիւնը աւելցած է Հալէպէն եկած հայերու շնորհիւ, քանի որ այսօր Քեսապի մէջ համեմատած վիճակը կայուն է»,- նշած է Գէորգ Եազճեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ մինչ այժմ Սուրիոյ մէջ զոհուած է 50 խաղաղ հայ քաղաքացի, հայ 10 զինուոր բանակի մէջ նահատակուեցաւ, եւս 50 հայ քաղաքացիներ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են:
Սուրիահայ գրողին խօսքերով, երբեք չէ խօսուած Քեսապին մօտ գտնուող Եագուպիէ, Ղնէմիէ հայկական ծագում ունեցող արաբախօս այս երկու գիւղերուն մասին, որոնք նոյնպէս գրաւուած են եւ այդ գիւղերէն ալ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են Քեսապ:
Անդրադառնալով Հալէպին, պատմաբանը նշած է, որ 45-50 հազարնոց հայկական գաղութէն այնտեղ այժմ մնացած է շուրջ կէսը, 15-17 հազար սուրիահայեր վերադարձած են Հայաստան, նոյնքան ալ` Պէյրութ. «սՍուրիոյ հայ բնակչութենէն մասն մը ալ տեղափոխուալ է երկրի հիւսիս-արեւելք` քրտաբնակ շրջաններ, ուր անոնց բաւական լաւ կը վերաբերին»:
Գէորգ Եազճեան յատկանշական համարեց այն, որ անոնցմէ զգալի մաս մըն ալ ընդհանրապէս չի ծրագրեր վերադառնալ ծննդավայր, քանի որ Սուրիոյ մէջ կորսնցուցած է ամէն ինչ, սակայն քիչ չեն նաեւ այն սուրիահայերը, որոնք կը սպասեն վիզաներու` հեռանալու Հայաստանէն եւ հանգրուանելու օտար երկիրներ: