«Քեզ հետ, Հայաստան. Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ համերգաշարի եզրափակիչ համերգներէն մէկը

Նոյեմբեր 7-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Քեզ հետ, Հայաստան» համերգը, որ աշխարհի շարք մը քաղաքներու մէջ կայացած եզրափակիչ համերգներէն մէկն էր: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Համերգը կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ` «Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնի հետ համատեղ:

Համերգը տեղի ունեցաւ Վիեննայի լաւագոյն բեմերէն մէկուն` Միւզիքֆերայն համերգասրահի գլխաւոր դահլիճին մէջ` Կրոսսեր Զալին մէջ:

Համերգի բացումը կատարեց Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ ակնածանքի խօսքեր արտայայտեց աշխարհահռչակ երաժիշտներու հասցէին` հայ ժողովուրդի կողքին կանգնելու, անոր վիշտը կիսելու եւ սեփական արուեստով մարդկութեան դէմ յետագայ յանցագործութիւններու դէմ պայքարելու համար:

Համերգի ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Բաբաջանեանի, Պրամսի, Ռահմանինովի, Պիզէի եւ այլ  երաժշտահաններու  ստեղծագործութիւնները: Կատարումներով հանդէս եկան աւստրիաբնակ դաշնակահար Նարէ Աղրամանեան եւ ջութակահար Էմանուէլ Ճգնաւորեան, հանրահռչակ թաւջութակահար Միշա Մայսկին եւ իր ընտանեկան եռեակը, ինչպէս նաեւ Լիանա Յարութիւնեան, Յովհաննէս Այվազեան, Վարդուհի Խաչատրեան եւ Բարսեղ Թումանեան, որոնք Սալզպուրկի Camerata նուագախումբի եւ Bachchor երգչախումբի ուղեկցութեամբ կատարեցին Մոցարտի Ռեքուիեմը: Այն կը խմբավարէր անուանի հայ երաժիշտ Ճորճ Փեհլիւանեանը:

Համերգին ներկայ էին Աւստրիոյ եւ միջազգային կառոյցներուն մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, Աւստրիոյ խորհրդարանի անդամներ, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանական շրջանակներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, աւստրիահայ համայնքի անդամներ:

Scroll Up