Մոնթրէալի «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգը

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը, Ս. Մարթին եկեղեցւոյ մէջ Նոյեմբեր 7-ի իր համերգով անմահացուց հայ ազգագրական երաժշտութեան հայր Կոմիտաս վարդապետը:

Գանատահայ 45 պատանիներէ կազմուած այս երգչախումբը, ամիսներ առաջ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած էր Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօրի ուխտը»:

Երգչախումբը Տիկ. Էլիզապէթ Հարպոյեանի խմբավարութեամբ կատարեց «Տէր Ողորմեայ», «Ամէն, եղիցի», «Անձրեւն եկաւ», «Խնկի ծառ», «Հոյ նազան իմ» եւ այլ երգեր:

Այս մասին կը յայտնէ Հորիզոն:

Scroll Up