Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 70-ամեակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Աստվածածին.jpg)
Նոյեմբեր 8-ին Թեհրանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 70-ամեակին նուիրուած տօնահանդէսը տեղի ունեցաւ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Իրանի «Ալիք» օրաթերթէն:
Ծրագիրը յագեցած էր գեղարուեստական յայտագիրով:
ծրագիրի բանախօսն էր Լիտա Պերպերեան, որ ամբողջութեամբ ներկայացուց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրումն ու օծումը: Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի սիրոյ, գնահատանքի եւ օրհնանքի խօսքը ընթերցեց Արգին Արիստակէսեան: Եկեղեցական խորհուրդի խօսքը փոխանցեց Ժագլին Չհարմահալին:
Ձեռնարկի աւարտին Էդուարդ Յարութիւնեան բեմ հրաւիրեց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը` իր օրհնութեան եւ եզրափակիչ խօսքը ըսելու:
Վերջաւորութեան ջերմ ընդունելութիւն կազմակերպուած էր: