Մայր Աթոռը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներուն

Նոյեմբեր 3-5 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով`  ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ` Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստին իրազեկուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին եւ սուրիահայ համայնքի խնդիրներուն մասին: Անդրադառնալով մինչ օրս Հայոց եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու եւ թեմական կառոյցներու կողմէ սուրիահայութեան ցուցաբերուած աջակցութեան` ներառեալ  նիւթական` հաստատուած է, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել ինչպէս սուրիահայ համայնքին, այնպէս եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Scroll Up