Նախագահը ընդունած է Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեանը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեանը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Հանդիպման սկիզբը Նախագահը նախ շնորհաւորած է սփիւռքի նշանաւոր կրթօճախներէն մէկուն, Լիբանանի մէջ պետական ճանաչման արժանացած միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան` Հայկազեան համալսարանի 60-ամեայ տարեդարձի կապակցութեամբ, նշելով, որ Հայկազեան համալսարանի աւելի քան կէսդարեայ հայրենանպաստ ու հայապահպան գործունէութիւնը հպարտութեան զգացում կը պարգեւէ իւրաքանչիւր հայու: Սերժ Սարգսեան բարձր  գնահատած է Փոլ Հայտոսթեանի անձնական ներդրումը Համալսարանի եւ սփիւռքահայ տարբեր կրթօճախներու փոխյարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, որ, Նախագահի գնահատմամբ, կը նպաստէ ոչ միայն տուեալ կրթական հաստատութիւններու, այլեւ միջհամայնքային կապերու սերտացման:

Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ  նշած է, որ վերջին տարիներուն աշխուժացած է Հայկազեան համալսարանի համագործակցութիւնը յատկապէս ԵՊՀ-ի հետ, սակայն Հայաստանի այլ կրթօճախներու եւ գիտական հաստատութիւններու հետ եւս փոխգործակցութիւնը, Նախագահի համոզմամբ, պատկառելի ներուժ ունի, որ անհրաժեշտ է լիարժէք օգտագործել:

Երկուստեք կարեւոր համարուած է ուսանողներու փոխանակման եւ փոխայցելութիւններու ծրագիրներու իրագործումը, որ սփիւռքահայ ուսանողներուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ ԵՊՀ–ի եւ հայաստանեան այլ գիտակրթական հաստատութիւններու մէջ մասնագիտանալու հայագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան, ինչպէս նաեւ արաբագիտութեան ասպարէզներուն մէջ, իսկ Հայաստանի ուսանողներուն` սփիւռքը անմիջականօրէն ճանչնալու եւ ընտրած ոլորտին մէջ մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերելու:

Զրուցակիցները ջերմութեամբ  յիշած են 2012թ. ՀՀ Նախագահի Լիբանան կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը Հայկազեան համալսարան:

Հանրապետութեան Նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ մշտապէս պատրաստ են օժանդակելու Հայկազեան համալսարանին, երբ կրթօճախը ատոր անհրաժեշտութիւնը ունենայ:

Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նախագահին` ջերմ հիւրընկալութեան, Համալսարանի նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ հետեւողականօրէն իրականացուող պետական քաղաքականութեան համար:

Scroll Up