Ատրպէյճանի դեսպանը չկրցաւ չեղարկել յառաջիկայ շաբաթ օրը Ամսդերտամի համալսարանին մէջ Արցախին վերաբերող համագումարը

Հոլանտայի խորհրդարանի սոցիալիստական (SP) կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր  Հարի Վան Պոմել վրդովուած է  Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանի գործողութիւններէն: Վերջինս այս երկրի խորհրդարանին բողոքի նամակ  յղած է, հոլանտացի խորհրդարանականի Արցախի մէջ  համագումարի մը մասնակցութեան առթիւ: Խորհրդարանականը դեռ այս տարուան սկիզբները  եղած է տարածաշրջանին մէջ եւ յառաջիկայ շաբաթ օրը Ամսդերտամի համալսարանին մէջ պէտք է հանդէս գար իր ուղեւորութեան տպաւորութիւններով: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօրը»` յղում կատարելով «Նիտերլանտական օրագիրին»:

Ատրպէյճանցի դեսպանին զայրացուցած է խորհրդարանի անդամի Արցախի մէջ համագումարի նիստերու մասնակցութիւնը, ան պատճառաբանած է, որ Արցախի անկախութիւնը ճանչցուած  չէ:

Հարի Վան Պոմել  դեսպանի նամակը որակած է «պարզ ու քաղաքական ահաբեկութիւն», աւելցնելով որ անով չէ, որ կ’որոշուի` ինք կ’աջակցի, թէ ոչ,կամ կողմ է, թէ դէմ անկախութեան:

Հարի Վան Պոմել կը պահանջէ, որ խորհրդարանի պալատը տայ այս ամէնուն պաշտօնական պատասխանը. «Մենք չենք կրնար նման հարցերը աչքաթող ընել: Այն պէտք է ներառել որոշակի չափանիշներու մէջ: Հոլանտայի խորհրդարանի անդամը կրնայ եւ պէտք է ամէն բանի մասին ազատ արտայայտուիլ»:

Այսքանով գայթակղեցուցիչ այս պատմութիւնը չէ աւարտած: Ատրպէյճանը դէմ է նաեւ Ամսդերտամի համալսարանին մէջ   Հարի Վան Պոմելի Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի հակամարտութեան  հարցերու կարգաւորման թեմայով հանրային քննարկումներուն: Խորհրդարանին ու կառավարութեան Ատրպէյճանի դեսպանատան ուղարկած նամակին մէջ այդ առթիւ ափսոսանք կը յայտնուի:

 

E.M.J. (Lilianne) Ploumen.           Sjoerd Wiemer Sjoerdsma

Դեսպանատունը կը սպասէ, որ իշխանութիւնները գոնէ երաշխաւորեն, որ Վան Պոմելը չճանչցուած երկրին վերաբերող համագումարին հանդէս գայ միջազգային չափանիշներուն եւ իրաւունքներուն համապատասխան: Երբ փորձած են  ճշգրտել այդ «իրաւունքի» սահմանները, դեսպանատան աշխատակիցը ուղղակի բան չէ կրցած ըսել ու լռած է:  Փոխարէնը արդարացած է, որ բողոքի նամակ ուղարկելով խորհրդարանին, իրենց նպատակը Վան Պոմելին լռեցնելը չէ: Դեսպանատան աշխատակիցին կարծիքով Լեռնային Ղարաբաղի անջատողականները նման համագումարները կ’օգտագործեն միջազգային ճանաչում ձեռք բերելու համար եւ յոյս  յայտնած է, որ Հոլանտան չի ներքաշուիր այդ քարոզչութեան մէջ ու ապագային նման համագումարներ չի կազմակերպեր:

Չափէն դուրս այս յանդգնութիւնը ակնյայտօրէն չեն սիրած խորհրդարանի պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը, որոնք Ատրպէյճանի դեսպանութեան քայլին համար բացատրութիւն  պահանջած են երկրի կառավարութենէն: Դեմոկրատական (D66) կուսակցութենէն  պատգամաւոր Շիւրտ Վիմեր Շուրտսման արդէն ունէր Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Լիլեան Փլումէնի գրաւոր հետեւեալ նամակը.«Մենք այս հարցը պիտի դնենք Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ: Մենք կ’ապրինք ազատ երկրի մէջ եւ պարոն Վան Պոմելը ունի ազատ խօսքի բոլոր իրաւունքները»:

Իր անձնական կայքին մէջ  Հարի Վան Պոմել արդէն յստակեցուցած է, որ յառաջիկայ շաբաթ անվերապահօրէն պիտի մասնակցի Ամսդերտամի համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք  համագումարին:

Խորհրդարանականները իրենց հերթին արդէն յայտարարած են, որ միասնական կերպով պիտի արտայայտեն իրենց դժգոհութիւնը Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան կոպիտ միջամտութեան դէմ:

 

Scroll Up