Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Իրլանտայի Մէջ

Նոյեմբեր 16-ին Իրլանտայի երկրորդ ամենամեծ քաղաքի` Քորկի կեդրոնական գրադարանին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ցուցահանդէսին ընթացքին պիտի ներկայացուին մօտ 100 լուսանկարներ, որոնք կը բացայայտեն Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հիմնական փուլերը: Այս մասին՝ ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ կը հաղորդէ Իրլանտայի հայկական համայնքի կայքը:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին նաեւ վերջին օրերուն Տրինիթի քոլեճի գրադարանին մէջ յայտնաբերուած փաստաթուղթեր եւ գիրքեր, որոնք կ՛արձանագրեն Ապտուլ Համիտի օրօք՝ 1895-96 թուականներուն իրականացուած Հայոց ջարդերու վկայութիւններ:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի կատարէ Քորկի քաղաքապետ Քրիս Օ՛լիրն: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 30:
Ասիկա թիւով երրորդ ցուցահանդէսն է Իրլանտայի մէջ, որ կը կազմակերպէ հայկական համայնքը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջ` http://armenians.ie/index.php/news/182-armenian-genocide-exhibition-cork-16-nov-2015