Փարակուէյցի ծերակուտական. Հայոց ցեղասպանութեան հասցուցած վնասը պէտք է հատուցուի

Փարակուէյցի ծերակուտական Տեսիրէ Մասին, որ երկրի օրէնսդիր մարմին  ներկայացուցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը, յայտարարած է, որ ընթացքին ճնշումներ  եղած են «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառման պատճառով:

Ըստ PanARMENIAN.Net-ի` Prensa Armenia-ին տուած հարցազրոյցին Մասին յայտարարած է, որ Փարակուէյի Ծերակոյտի ընդունած բանաձեւը կը նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման դիրքերու ամրապնդման ու պատմական յիշողութեան պահպանման:

«Ցեղասպանութիւն եզրոյդը ոչ միայն ճիշդ է, այն նաեւ արդար է, կ’արտայայտէ հէնց հայ ժողովուրդի բնաջնջումը ու  կը ճանչնայ զայն  որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Ատիկա կը նշանակէ, որ որոշակի պահու մը պէտք է նաեւ փոխհատուցում տրուի կատարուածին համար», ըսած է ան:

Մասին պատմած է նաեւ, որ երկրի 2 ամենամեծ կուսակցութիւնները սատարած են Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման: Բուն բանաձեւը որպէս երաշխաւորագիր կը ծառայէ երկրի ԱԳՆ յետագայ քայլերուն համար:

Հոկտեմբեր 29-ին Փարակուէյի Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ: Բանաձեւը ընդունուած է միաձայն:

Հարաւամերիկեան երկիրներէն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցած են Պրազիլը, Պոլիւիան, Չիլին, Վենեսուելան, Արժանթինը, Ուրուկուէյը, ինչպէս նաեւ աշխարհամասի այլ երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներ եւ նահանգներ:

Scroll Up