Իշխող Կուսակցութիւնը Վերատիրացաւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Աթոռներուն Մեծամասնութեան

Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներուն 98,8 առ հարիւրին արդիւնքներուն հիմամբ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վերատիրացած է Թուրքիոյ խորհրդարանի աթոռներու մեծամասնութեան` ապահովելով քուէներուն 49,4 առ հարիւրը կամ 316 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 258 աթոռ), Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 25,4 առ հարիւրը  կամ 134 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 132 աթոռ), քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը գրաւած է երրորդ դիրքը` ապահովելով քուէներուն 10,7 առ հարիւրը կամ 59 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 80 աթոռ), իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 12 առ հարիւրը կամ 41 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 80 աթոռ): Սակայն իշխող կուսակցութեան ապահոված աթոռներուն թիւը անոր չ՛արտօներ Սահմանադրութեան բարեփոխման համար հանրաքուէի մը հրաւէր ուղղել:

Քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 81,72 առ հարիւր:

Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանի 550 աթոռները բաժնուած են Թուրքիոյ 81 նահանգներուն վրայ հետեւեալ ձեւով. Պոլիս 88 աթոռ, Անգարա` 32 աթոռ, Իզմիր` 26 աթոռ, Պուրսա` 18 աթոռ, Քոնիա, Ատանա եւ Անթալիա` 14-ական աթոռ, Այնթէպ եւ Ուրֆա` 12-ական աթոռ, Տիգրանակերտ, Քոճալի եւ Մերսին` 11 աթոռ, Ալեքսանտրեթ` 10 աթոռ:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով ԱԶԿ-ն ստացած էր 40.86 տոկոս (258 պատգամաւոր), որ բաւարար չէր եղած միակուսակցական կառավարութիւն ձեւաւորելու համար:

Scroll Up