Սերժ Մոմճեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով

Հոկտեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրեց “Komitas: The Artist and The Martyr” («Կոմիտաս. Արուեստագէտը եւ Նահատակը») գիրքի հեղինակ, լոնտոնաբնակ լրագրող եւ վիպագիր Սերժ Մոմճեանը: Գիրքը վերջերս հրատարակուած էր Քեմպրիճի «Ճենիւս» (“Janus”) հրատարակչատան կողմէ եւ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Գիրքի ստեղծման վրայ հեղինակը աշխատած է շուրջ 5 տարի, խորապէս ուսումնասիրած  Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը, նամակագրութիւնը, անոր մասին եղած գրականութիւնը եւ ստեղծած  իւրօրինակ պատում մը` երկխօսութիւններու միջոցով: Կոմիտասին նուիրուած փաստավաւերագրական վէպը անոր 5-րդ գիրքն է, որուն ընդարձակ յօդուածներով եւ հարցազրոյցներով անդրադարձած են բազմաթիւ անգլալեզու եւ ֆրանսալեզու թերթեր ու ամսագիրներ:

«Կոմիտասի կեանքն ու գործը այն պրիզման է, որի մէջ արտացոլուած է հայ ժողովրդի ստեղծագործական հանճարն ու մեծ ողբերգութիւնը: Եւ պարոն Մոմճեանի գրքի շնորհիւ, որի հրատարակումն իրականացրել է բրիտանական հեղինակաւոր Քեմպրիճի «Ճենիւս» հրատարակչութիւնը, հնարաւորութիւն կը տայ անգլալեզու բազմաթիւ ընթերցողների իմանալ Հայոց ցեղասպանութեան եւ մեծագոյն արուեստագէտի կրած տառապանքների  մասին», – ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւի համար` Սերժ Մոմճեան ըսաւ. «Մեծ պատիւ է ինծի համար ստանալ Ուիլեամ Սարոյեանի անունը կրող մետալը: Այն զիս աւելի կը պարտաւորեցնէ: Ներկայիս միակ երազանքս այն է, որ գիրքս թարգմանուի հայերէն եւ ըլլայ հայ ընթեցողի սեղանին»:

a2a-1 a-3 a-4

Scroll Up