ՀՀ Սփիւռքի նախարարը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Շուէտի թագաւորութեան պետական եւ քաղաքական կառոյցներէն ներս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/h1.jpg)
Այցի վերջին օրուան ընթացքին` Հոկտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Շուէտի պետական եւ քաղաքական կառոյցներուն մէջ:
Տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի հանդիպումը Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարգոտ Վալստրեոմի հետ: Ողջունելով նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը` ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ վերջին շրջանին հայ-շուէտական համագործակցութիւնը նկատելի զարգացում արձանագրած է` նշանաւորուելով ամենաբարձր մակարդակով աշխոյժ երկխօսութեամբ, դեսպանութիւններու բացմամբ, բազմաբնոյթ համագործակցութեան սերտացմամբ:
Նախարարը յայտնեց հայկական կողմի շահագրգռուածութիւնը Շուէտի հետ համընդգրկուն համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ, որ պայմանաւորուած է ոչ միայն քաղաքական կամ տնտեսական շահերով, այլեւ առաջին հերթին արժէքային ընդհանրութիւններով: Տիկին Յակոբեան կարեւոր համարեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով բարեկամ երկիրներու եւ, մասնաւորապէս, Շուէտի գործուն աջակցութիւնը եւ կառուցողական դերակատարումը` ընդգծելով, որ հայկական կողմը շնորհակալ է Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան համապատասխան քաղաքական գնահատական տալուն համար:
Կողմերը անդրադարձան սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով փախստականներու վերածուած սուրիացիներու ներկայ վիճակին, միտքեր փոխանակեցին երկու երկիրներու մէջ փախստականներու զգալի հոսքերու կապակցութեամբ ձեռնարկուող գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ ոլորտին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութեան մասին:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպեցաւ նաեւ Շուէտի գաղթականներու հարցերով պետական քարտուղար Լարս Վեստբրատի հետ: Քննարկուեցան Շուէտի մէջ ապաստանած սուրիահայերու հիմնախնդիրները, ատոնց լուծման նպատակով համագործակցութեան հեռանկարները: Նախարար Յակոբեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ Սուրիայէն ժամանած փախստականներուն համար իրականացուող ծրագիրները, միտքեր փոխանակուեցան փախստականներու ընդունման ոլորտին մէջ երկու երկիրներու առկայ հարուստ փորձի փոխանակման հեռանկարներուն վերաբերեալ:
Շարունակելով պաշտօնական հանդիպումները` նախարար Յակոբեան հանդիպեցաւ Շուէտի Կրօնական համայնքներուն աջակցութեան կառավարական յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Օկէ Եորանսոնի հետ: Վերջինս մանրամասն ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցական համայնքին հետ մինչ օրս ունեցած գործակցութեան ծրագիրները: Երախտագիտութիւն յայտնելով Սեոտերթելիէի Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ ձեռք բերման հարցին մէջ ցուցաբերուած զգալի ֆինանսական աջակցութեան համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Շուէտի բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ հիմնուած են եւ կը գործեն եկեղեցական խորհուրդներ, որոնք մեծ աշխատանք կը տանին համայնքի անդամներու հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի կազմակերպման համար, որ դժուար կ’ըլլար առանց Շուէտի կրօնական համայնքները աջակցութեան կառավարական յանձնաժողովի աշխոյժ աջակցութեան եւ հովանաւորութեան: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ այդ աջակցութիւնը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ:
Այնուհետեւ նախարար Յակոբեան հանդիպեցաւ Շուէտի քրիստոնէական խորհուրդի նախագահ, պատուելի դոկտոր Կարին Վիպորնի հետ, որ զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած է հայ համայնքին տարուան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը հոգեւոր-մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման հարցին մէջ: Ողջունելով նախարարը` Դոկտոր Վիպորն ընդգծեց, որ Շուէտի հայ եկեղեցական համայնքը ունի իր ուրոյն տեղն ու դերը երկրի կրօնական կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ Հայ եկեղեցական համայնքը կը յաջողի եկեղեցասիրութեան ոգով կազմակերպել եւ դաստիարակել իր հաւատացեալ զաւակներու կեանքը:
Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց շուէտահայ համայնքի եկեղեցական կազմակերպութիւներու եւ Շուէտի քրիստոնէական խորհուրդի միջեւ ձեւաւորուած սերտ գործակցութեան կապակցութեամբ` կարեւոր համարելով Խորհուրդի շարունակական օգնութիւնը համայնքի հոգեւոր եւ ծիսական կեանքի յաւուր պատշաճի կազմակերպման գործին: Նախարարը նաեւ հայկական կողմի երախտագիտութիւնը յայտնեց այս տարուան Ապրիլ 24-ին Սթոքհոլմի Ստուրշիրկա մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան կայացման ցուցաբերուած մեծ աջակցութեան համար:
Երեկոյեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեկնեցաւ Ուպսալա քաղաք, ուր մօտ կէս դար առաջ ձեւաւորուած է շուէտահայ համայնքը: Ուպսալայի քաղաքային թատրոնի մայր սրահին մէջ նախարարը հանդիպում ունեցաւ համայնքին հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարները, համայնքը յուզող այլ հարցեր: