Պատմութիւն ոչ թէ Հայաստանէն մեկնողներու, այլ` վերադարձողի մասին

Արդէն քանի մը ամիս է, որ Սիւնիքի մարզի Վերիշէն համայնքի բնակիչները ոչ թէ հարեւան գիւղերու մէջ թխուած հացը կը գնեն, այլ` հայրենի գիւղի: Գործի ծրագիրի հեղինակը մօտ մէկ տարի առաջ Ռուսաստանէն հայրենի գիւղ վերադարձած Հրանդ Պետրոսեանն է, որ մէկ տասնեակէ աւելի տարիներ բնակելով Ռուսաստան, ի վերջոյ որոշած է վերադառնալ հայրենի գիւղ եւ նոր աշխատատեղեր բանալ:
Հին Գորիսը վերջին տարիներուն դարձաւ Վերիշէն: Սիւնիքի մարզի այս համայնքն ալ առաջին հայեացքէն որեւէ բանով չի տարբերիր ՀՀ միւս համայնքներէն` ցեխապատ փողոցներ, մառախլապատ եղանակ, աշնան գոյներ ու հոգի տակ ճկուած գիւղացիներ:
Այստեղ, ինչպէս եւ Գորիս, արցախեան պատերազմի շունչը զգացած են: Թէ ինչպէս սկսան առաջին կրակոցները գիւղացիները դժուարութեամբ կը յիշեն, չեն մոռնար, սակայն, որ արկերը իրար հերթ չտալով կը թափուէին գիւղին վրայ: Երբ Վերիշէնի մէջ լռեցին արկերու ձայները, տուներէն սկսան լսուիլ հրաժեշտի խօսքերը:
Գիւղի տղամարդիկ կը հեռանային` հիմնականին մէջ աշխատանք փնտրելու Ռուսաստանի մէջ: Անոնց մէջ էին նաեւ Վերիշէնցի պանրագործ Սլաւիկ Պետրոսեանի որդիները: Որդիներուն մինակ չձգելու, ինչու չէ նաեւ աչքը վրանին պահելու համար էր, որ գնաց Մոսկուա, պանրագործութեամբ զբաղեցաւ, սակայն միայն մէկ տարի կրցաւ ապրիլ գիւղէն հեռու:
Վերադարձաւ հայրենի գիւղ , սակայն չմոռցաւ ամէն օր որդիներուն ՌԴ-էն հայրենի գիւղ վերադառնալու առաջարկ ու յորդոր ընելու: Մինակ էր, ուստի եւ չկրցաւ սեփական գործ մը հիմնել: Դեռ 1992թ էր որդիներուն կ’առաջարկէր գիւղին մէջ պանիրի արտադրամաս հիմնել: Աշխատանքային փորձը պատրաստ էր փոխանցելու որդիներուն: «Հայկական պանիրի առանձանյատկութիւնը կաթի բաղադրութիւնն է, կաթի քիմիական բաղադրութենէ , Կոռնիձորի կովերու կաթէն պատրաստուած պանիրի համը զուիցերական պանիրի համին է»:
Սլաւիկ Պետրոսեանի` հայրենի գիւղին նուիրուածութիւնը քիչ մը աւելի ուշ, սակայն, փոխանցուեցաւ նաեւ որդիներուն: Անոր որդին` Հրանդ Պետրոսեան 15 տարի աշխատեցաւ ՌԴ մէջ, արտադրամասեր հիմնեց, աշխատատեղեր ստեղծեց: Առաջին հինգ տարին ծննդավայր չեկաւ, յետոյ արդէն ամէն տարի պարտադիր հայրենի գիւղ կու գար, ու տարիէ տարի կը հասկնար, որ վերադառնալու ժամանակն է: Կը կարօտնար ամէն ինչին «Գիւղի ամէն ինչին կարօտում էի` օդը, հողը, ջուրը, հարեւաններին»,- armradio.am-ի փոխանցմամբ` Հրանդ Պետրոսեան կ’ըսէ:
Ոչ միայն հասկցաւ, այլ նաեւ վերադարձաւ ու Վերիշենի մէջ հացի արտադրամաս հիմնեց: Իսկ հաց կը թխեն, քանի որ գիւղին մէջ հացի արտադրամաս չկար: Ի տարբերութիւն շատերու` տղաներուն ապագան հէնց հայրենի գիւղին մէջ կը տեսնէ: Նախընտրելի է քիչ` Հայաստանի մէջ, ոչ թէ շատ` բայց արտերկրի մէջ: Այնտեղ խնդիրներ ունէր ` գրանցման հետ կապուած, կար օտարութիւն, որ հայրենի գիւղին մէջ չէր:
Հացի արտադրամասի սարքաւորումները` 1 մլն 940 հազար դրամ ընդհանուր արժողութեամբ, տրամադրուած է «Մարդը կարիքի մէջ» կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան եւ ՀՕՄ հետ համատեղ իրականացուող «Աջակցութիւն շրջանառու ներգաղթեալներու եւ ընդելուզումը Հայաստանի մէջ» ծրագիրի ծիրէն ներս: Արտադրամասը հիմնեցին երկու աշխատողով, սակայն վստահ են` նոր արուեստագիտութիւններով արտադրուող հացի արտադրամասը կ’ընդլայնուի, նոր աշխատատեղեր կը ստեղծեն` փորձելով նաեւ հայրենի գիւղ վերադարձնել ՌԴ մեկնած իրենց համագիւղացիները: