Հայրենադարձ Ընտանիքը Երեւանի ՄԷջ Նոր Արշաւ Մը Սկսած Է

Ղազախստանէն ընտանիքին հետ 2016 թուականին հայրենադարձուած տասնհինգ տարեկան Նայիրա Աւետիսեան նախաձեռնած է «Մաքուր Հայաստան՝ հայրենադարձներու նախաձեռնութեամբ» հասարակական արշաւը:

Երբ դեռատի աղջիկը Երեւանի փողոցներով քալելուն` աղբակոյտերու կը  հանդիպէր, սիրտնեղելով`  կը մտածէր, որ մարդիկ պարտաւոր են մաքուր պահել զինուորներուն կողմէ կեանքի գինով պաշտպանուող Հայրենի հողը: Այդ մտորումներն ալ պատճառ դարձան, որ ան նմանատիպ արշաւ սկսի:

«Հայերն այսօրի»-ին հետ զրոյցին Նայիրան նշեց, որ նախաձեռնութիւնը առ այժմ քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ կ’իրականացնէ: Սկիզբը կ’ընտրեն այն վայրը, որ պէտք է մաքրեն կեղտէն, յետոյ միայն` կը սկսին մաքրման աշխատանքները:

«Յուսամ` ժամանակի ընթացքին շարժումը լայն տարածում կը գտնէ, մասնակիցներուն թիւը կ’աւելնայ, որուն արդիւնքով կը կարենանք աւելի շատ տարածք մաքրել, որպէսզի մեր մայրաքաղաքը բոլորին համար միշտ գեղեցիկ ու բարեկարգ ըլլայ: Այդ նպատակով «Вконта́кте» եւ «Facebook» ընկերային ցանցերով արշաւին նուիրուած էջեր  բացած եմ»,-ըսաւ Նայիրա Աւետիսեան:

91416

6 7 8

1 2

 

Scroll Up