«Գոհար»-ը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգային Ծրագիրով Հանդէս Պիտի Գայ Պէյրութի Մէջ

«Գոհար» սիմֆոնիկ նուագախումբն ու երգչախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգային ծրագիրով հանդէս պիտի գայ Պէյրութի մէջ:
Հոկտեմբեր 29-Նոյեմբեր 1 չորս համերգներու ընթացքին սիմֆոնիկ նուագախումբը եւ երգչախումբը պիտի հնչեցնեն խորհրդանշական 100 ստեղծագործութիւն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Գոհար» սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գրիգոր Կուզիկեան նշած է, թէ համերգներու ընթացքին պիտի հնչեն ազգային, հայրենասիրական, ժոողովրդական եւ ռազմաշունչ երգեր. Մէկ խօսքով «Գոհար»-ը պիտի ներկայացնէ բոլոր ժամանակներու գոհարները:
Պիտի կատարուին հին ու նոր երգեր` «Գոհար»-ի մեկնաբանութեամբ ու գործիքաւորումով: Ի դէպ, խումբը պիտի ներկայանայ բաւական մեծ կազմով` նուագախումբի, պարախումբի ու երգչախումբի 150 մասնակից, 16 մենակատար եւ օժանդակ անձնակազմը: Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս «Գոհար»-ը մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստուած է յառաջիկային կայանալիք համերգներուն:
«Համերգը աննախադէպ պիտի ըլլայ: Ոչ միայն համերգային ծրագիրն է յատուկ ու շատ մանրամասն ընտրուած, այլ նաեւ ճարտարագիտական առումով անիկա եզակի պիտի ըլլայ, գերհագեցած լուսային, ձայնային ու ճարտարագիտական հնարանքներով»,- նշած է խումբի գեղարուեստական ղեկավարը` բացայայտելով «Գոհար»-ի յաջողութեան երաշխիքը:
«Մենք մեր գործը կ՝ընենք, կ՝ընենք այնպէս, ինչպէս պէտք է` իւրաքանչիւր մանրուք հաշուի առնելով` յանուն Հայաստանի ու Սփիւռքի: Մեզի համար կարեւորը սերունդները հայեցի ոգիով դաստիարակելն է»,- աւելցուցած է Գրիգոր Կուզիկեան:
«Գոհար»-ը վերջին տարիներուն համերգներով հանդէս եկած է տարբեր երկիրներու մէջ` Լիբանան, Կիպրոս, Ռուսաստան, Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա: