Մոսկուայի Ցեղասպանագիտական գիտաժողովը կ’ընձեռէ ռուսական գիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը գրաւելու հնարաւորութիւն

Մոսկուայի հայկական վանական համալիրի մէջ Հոկտեմբեր 23­-ին մեկնարկող Ցեղասպանագիտական միջազգային գիտաժողովը կ’ընձեռէ ռուսական գիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը գրաւելու հնարաւորութիւն:

Armenpress­-ի հետ զրոյցին այս մասին նշեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան­ինստիտուտի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը: “Հոկտեմբեր 23­-24­-ը Մոսկուայի մէջ կայանալիք գիտաժողովը եւ անոր իրականացման վայրը աւելի խորհրդանշական են` նկատի առնելով գիտաժողովի խորագիրը` “ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած հոգեւոր­ բարոյական յանցագործութիւն”:

Գիտաժողովը շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ 2015թ. տեղի ունեցած միջազգային գիտական ձեռնարկներու շարքին մի քանի պատճառով: Նախ, ան տեղի կ’ունենայ Մոսկուայի մէջ, ինչը հնարաւորութիւն կու տայ գրաւել ռուսական գիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը: Ռուսիոյ մէջ, ցաւօք, ցեղասպանագիտութիւնը, իբրեւ գիտական ոլորտ, դեռ այդքան ալ զարգացած չէ, եւ մենք յոյս ունինք, որ այս գիտաժողովը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ որոշակիօրէն փոխել իրավիճակը: Մեզի համար անիկա կարեւորագոյն խնդիր է”,­ ընդգծեց Սուրէն Մանուկեանը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-­ինստիտուտի փոխտնօրէնը աւելցուց, որ գիտաժողովը նաեւ կրնայ զարկ տալ նոյն Մոսկուայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրման հարցին: Ան կրնայ հետաքրքրութիւն յառաջացնել մոսկուաբնակ հայ երիտասարդներու մօտ` Հայոց ցեղասպանութեան թեման իրենց հետազօտութեան առարկայ դարձնելու համար: “Գիտաժողովը պիտի մասնակցին աշխարհի 15 երկրէ մօտ երեք տասնեակ անուանի հայագէտներ եւ ցեղասպանագէտներ, ինչպէս` Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան երկու նախագահներ` ներկայիս նախագահ Էնդրիւ Ուուլֆորտը եւ նախկին նախագահ Ալէք Հինթոնը”, ­ յայտնեց Սուրէն Մանուկեանը: Երկօրեայ գիտաժողովին պիտի հնչեն զեկոյցներ տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ վաւերագիրներու, Մեծ եղեռնի եւ անոր հետեւանքներու յաղթահարման ժամանակ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դերի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրաւական դիտանկիւններու մասին, գրականութեան, կերպարուեստի, ֆիլմարուեստի, երաժշտութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի արտացոլման եւ այլ արդիական խնդիրներու վերաբերեալ: Միջազգային գիտաժողովի կազմակերպիչներն են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան­ինստիտուտը եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Նոր Նախիջեւանի ու Ռուսաստանի հայոց թեմը:

Scroll Up