Մարտուն Էլպակեան. «Երբ Մայր հայրենիքը գնահատական կու տայ, տարբեր զգացում մը կ’արթնցնէ»

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով գտնուելով Հոլանտա` Հոկտեմբեր 17–ին Նիտերլանտներու Թագաւորութեան ՀՀ դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած է հոլանտահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, խօսած նախարարութեան ծրագիրներուն մասին, պարգեւներ յանձնած հայապահպանութեան գործին մէջ առաւել  աչքի ինկած կազմակերպութիւններուն, անհատներուն:

Ի թիւս միւսներուն` «Ուրարտու» հայ-նիտերլանտական կազմակերպութեան նախագահ Մարտուն Էլպակեան  արժանացած է «Մայրենիի դեսպան» մետալին: «Նիտերլանտական օրագիր»-ը հարցազրոյց  ունեցած է պարոն Էլպակեանի հետ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

– Դուք կը նախագահէք «Ուրարտու» հայնիտերլանտական կազմակերպութիւնը եւ միաժամանակ կը ղեկավարէք նոյն կազմակերպութեան բարեգործ Կարէն Սարիբէկեանի անուան մէկօրեայ հայկական դպրոցը եւ մեծահասակներու հայհոլանտական դպրոցը, ուր հայ եւ իրենց հայ համարող մարդոց հայերէնի հիման վրայ կը սորվեցնեն հոլանտերէն: Պարո՛ն Էլպակեան, պատմէք Ձեր գործունէութեան մասին:

– Առաջին հերթին կը ցանկայի իմ շնորհակալական խօսքս ըսել «Նիտերլանտական օրագիր» կազմակերպութեան աշխատակիցներուն: Հարցի պատասխանը ծաւալուն է, կ’աշխատիմ պատասխանել կարճ:

«Ուրարտու» հայ-նիտերլանտական կազմակերպութիւնը ստեղծուած է 2012 թուականին եւ կը գործէ արդէն շուրջ երեք տարի: Կազմակերպութիւնը հիմնականին մէջ կը զբաղի կրթական հարցերով, կը կազմակերպէ ձեռնարկներ` նուիրուած յիշարժան թուականներու, տարելիցներու եւ տօներու:

Կրթական համակարգը հիմնականին մէջ բաղկացած է երկու մասերէ` բարեգործ Կարէն Սարիբէկեանի անուան մէկօրեայ հայկական դպրոցն է եւ մեծահասակներու հայ-հոլանտական դպրոցը, ուր հայերէնի հիման վրայ կը սորվեցնեն հոլանտերէն:

Այս դպրոցներն ալ ունին իրենց խումբերը. բարեգործ Կարէն Սարիբէկեանի անուան դպրոցին մէջ կը գործէ երկու խումբ` այբբենարանի խումբ եւ մայրենի դասընթացի ուսուցման խումբ: Մեծահասակներու հայ-հոլանտական դպրոցը, ուր հայերէնի հիման վրայ կը սորվին հոլանտերէն, նոյնպէս բաղկացած է երկու խումբերէ` մեծահասակ-տարեցներու, որոնք կը ցանկան գրագէտ ձեւով խօսիլ եւ գրել հոլանտերէն, անով անոնք հնարաւորութիւն կը ստանան աւելի ազատ եւ անկաշկանդ խօսիլ իրենց շրջապատող հասարակութեան հետ: Եւ երիտասարդներու խումբ մը, ուր նոյնպէս հայերէնի հիման վրայ կը սորվին հոլանտերէն: Սակայն այս խումբը յաճախողներու հիմնական նպատակն է` քաղաքացիութիւն ստանալու քննութիւններուն եւ պետական քննութիւններուն նախապատրաստուիլը:

Բարեգործ Կարէն Սարիբէկեանի անուան մէկօրեայ հայկական դպրոցը միւս տարի պիտի տօնի իր տասամեակը: Իսկ մեծահասակներու դպրոցը այս տարի սկսաւ իր վեցերորդ ուսումնական տարին:

Պարո՛ն Էլպակեան, «Նիտերլանտական օրագիր»ը յաճախ անդրադարձած է Ձեր յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն: Դուք 2013 թուականին արժանացած էք եւ կը համարուիք այդ թուականի Նիտերլանտներու Թագաւորութեան լաւագոյն «Ուսման վարպետ» տիտղոսակիրներէն մէկը: Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ ունեցաք:

– Առաւելապէս այն, որ սփիւռքի մէջ գտնուելու տարիներուս առաջինը հոլանտական հասարակութեան կողմէ նկատուեցաւ եւ գնահատուեցաւ այն գործընթացը, որմով կը զբաղէի ես: Այն տեղի ունեցաւ պարգեւի յանձելու արարողութեամբ եւ կազմակերպուած էր հիմնականին մէջ Նիտերլանտներու կրթութեան հարցերով զբաղող յանձնաժողովի եւ Եւրոմիութեան կրթագիտական հարցերով զբաղող յանձնաժողովին կողմէ: Ինծի համար անակնկալ էր, որովհետեւ յանձնաժողովը, որ կ’ընտրէր յաղթողները, խիստ մօտեցումներ  ցոյց տուած էր եւ բազմաթիւ ներկայացուածներէն միայն հինգը  արժանացան տարուան լաւագոյն «Ուսման վարպետի» կոչման:

Ի հարկէ, ատիկա մեզի համար մեծ պատիւ էր եւ «Նիտերլանտական օրագիր»ը տարուան լաւագոյն իրադարձութիւններու շարքին նշեց այդ:

-Ատոր համար ալ   շնորհակալ եմ Ձեզի, ես կարդացած եմ այդ մասին: Ձեր յօդուածէն յետոյ այդ մասին անդրադարձած էին նաեւ Հայաստանի որոշ թերթեր:

Լաւագոյն ուսման վարպետներու հետ, կարծեմ, հանդիպում  կազմակերպեց Նիտերլանտներու թագաւորը, ո՞վ  զրուցեց  Ձեզի հետ: Հետաքրքիր են մանրամասները:

– Այդ հանդիպման արարողութիւնը կազմակերպուած էր բնակարանային ընկերութեան կողմէ, որոնք կը նշէին իրենց 100-ամեայ յոբելեանը: Իմ բնակարանային ընկերութիւնը երկու բնակիչ  հրաւիրած էր մասնակցելու այդ յոբելեանին, որոնցմէ մէկը ես էի: Եւ պատիւ ունեցայ  քանի մը հոգիի հետ միասին հանդիպելու Նիտերլանտներու թագաւոր Ուիլեմ-Ալեքսանտրի հետ: Զրոյցին անդրադարձած են նաեւ հոլանտացի թղթակիցները: Համաձայն թագաւորին հետ հանդիպումներու արձանագրութեան` հանդիպման ոչ բոլոր մանրամասնութիւնները  կը թոյլատրուին տարածման արժանացնել: Սակայն այդտեղ չկար ոչ մէկ գաղտնիք: Այդ մասին ես արդէն պատմած եմ Ձեզի: Ես հպարտ եմ, որ արքան մտահոգուած է իր բնակիչներու հոգերով: Զրոյցի ընթացքին նշեցի նաեւ իմ գործունէութեանս եւ հայ ըլլալուս մասին:

Պարո՛ն Էլպակեան, քիչ առաջ մենք միասին կը գտնուէինք ՀՀ դեսպանութեան կողմէ հրաւիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի հետ կազմակերպուած հանդիպման: Քանի մը մանկավարժներ, ինչպէս նաեւ Դուք, պարգեւատրուեցաք Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով, որուն վրայ  պատկերուած է Հայոց գիրերը ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցը: «Նիտերլանտական օրագիր»ը այդ կապակցութեամբ ջերմօրէն կը շնորհաւորէ նաեւ Ձեզ եւ միւսներուն, որոնք արժանացան նման պատիւի: Ին՞չ զգացողութիւն ունիք:

– Շնորհակալութիւն շնորհաւորանքի համար: Ես շնորհաւորած եմ եւ կրկին կը  շնորհաւորեմ միւս մետալակիրները: Գիտէք, սա մեծ պատիւ է: Մեծ պատիւ, որովհետեւ տարիներ շարունակ բնակելով սփիւռքի մէջ` կրցած ես ոչ միայն անաղարտ պահել մայրենի լեզուն, այլ նաեւ փոխանցել մատաղ սերունդին` զուգահեռ զբաղելով նաեւ հայեցի դաստիարակութեան հարցերով: Եւ այդ գործընթացը գնահատուած է Մայր հայրենիքի կողմէ: Ես բարձր կը գնահատեմ այս մետալին արժանանալը: Ատիկա ՀՀ կառավարութեան, Նիտերլանտներու մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ առաւելապէս Սփիւռքի նախարարութեան ուշադրութիւնն է: Եւ գնահատանքի արժանի է այն, որ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը պահէ սփիւռքի մէջ ապրող հայրենակիցներու գործունէութիւնը, որուն համար ալ ես իմ շնորհակալական խօսքս  յղած եմ ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Յակոբեանին:

Հիմա թակարդ հարց մը: Դուք արժանացած էք Նիտերլանտներու լաւագոյն «Ուսման վարպետ» կոչման եւ Հայաստանի կողմէ «Մայրենիի դեսպան» մետալին: Ո՞ր մէկը աւելի թանկ կը գնահատէք:

– Գիտէք, երկուքն ալ անհամեմատելի են: Երկուքն ալ թանկ են: Երբ Մայր հայրենիքը գնահատականը կու տայ, այն այլ   զգացում մը կ’արթնցնէ, իսկ Եւրոմիութեան մէջ եւրոպական կրթական համակարգերու կողմէ կոչման արժանանալը այլ որակաւորման գնահատական է: Իսկ մեր ազգի սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի նկարով եւ անոր կողմէ ստեղծուած տառերով զարդարուած «Մայրենիի դեսպան» մետալը, որ ես անձամբ ստացած եմ նախարարէն, կը կրեմ իմ սրտիս մօտ:

Շնորհակալութիւն, պարո՛ն Էլպակեան: Կը ցանկանք Ձեզ նորանոր յաջողութիւններ ի փառս մեր Հայաստանի Հանրապետութեան:

– Շնորհակալութիւն Ձեզի եւ «Նիտերլանտական օրագիր» կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն` ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար: Ամէն փոքր յաջողութիւն անգամ մեր ժողովուրդին տեղեակ պահելուն համար:

 Նիդեռլանդ

Scroll Up