Տուպլինի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տիգրան Համասեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/01153.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Տուպլինի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Օհան Երկայնհարսեանի հովանաւորութեամբ՝ Հոկտեմբեր 17-ին Տուպլինի Քրիստոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տիգրան Համասեանի եւ Երեւանի պետական կամերային երգչախումբի «Լոյս ի լոյսոյ» համերգը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Համերգին ներկայ էին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը, Տուպլինի արքեպիսկոպոս Միքայէլ Ճաքսընը, իռլանտական խորհրդարանի անդամներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տուպլինի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Օհան Երկայնհարսեան: