Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած «Թոռներ» ցուցահանդէսը` Սթամպուլի մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/Թոռներ.jpg)
Սեպտեմբեր 3-էն Նոյեմբեր 1 Սթամպուլի մէջ կը գործէ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած «Թոռներ» ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսը համակարգողը (կուրատոր) ծնունդով արժանթինահայ, ներկայիս պեռլինաբնակ նկարչուհի Սիլվինա Տէր – Մկրտչեանն է: ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` թրքական «Bianet.org» կայքը լայն անդրադարձ կատարած է ցուցահանդէսին, անոր ստեղծման պատմութեան, պատմական ու հոգեբանական կողմերուն ու նշանակութեան:
Ցուցահանդէսին մէջ տեղ գտած են Մարիա Պետոյեանի, Մարտին Կարատաղեանի, Արման Թադեւոսեանի, Միքայէլ Օհանեանի, Աշոտ Աշոտի, Թալին Պիւեովքքիւքչեան–Տէմիրճեանի, Անի Սէթեանի, Հերա Պիւեովքթաշչեանի, Մարիա Զոլամեանի, Արչի Գալենցի, Լինտա Կանճեանի աշխատանքները:
Նշենք, որ Սիլվինա Տէր-Մկրտչեան կը սերի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Անատոլիայէն Արժանթին տեղափոխուած հայ ընտանիքէ մը: Պեռլինի մէջ բնակութիւն հաստատելէ յետոյ սկսած է զբաղիլ իր ընտանիքի պատմութեան, Անատոլիոյ հետ ունեցած կապերու հետազօտութեամբ, սկսած է ուսումնասիրել օսմանեան ժամանակներու հայերու կենցաղը, նիստուկացը, մշակոյթը:
Այդ ուսումնասիրութիւնները իրենց արտացոլումը գտած են անոր «Յուշամատեան» նախագիծին մէջ: Տէր-Մկրտչեան բազմիցս եղած է Սթամպուլի մէջ, կազմակերպած երկու անհատական ցուցահանդէս եւ շարք մը այլ մշակութային ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կուտակուած փորձն ու ստեղծուած արժէքները հիմք հանդիսացած են նաեւ «Թոռներ» ցուցահանդէսի ստեղծման համար: