Գերմանացի գիտնականը Վատիկանի արխիւներու հիման վրայ Ցեղասպանութեան մասին գիրք մը հրատարակած է

Գերմանացի գիտնական եւ պատմաբան Մայքլ Հասեման «Հայոց ցեղասպանութիւն» վերտառութեամբ գիրք մը հրապարակած է, որուն հիմքին մէջ ինկած են իր յայտնաբերած` Վատիկանի գաղտնի փաստաթուղթերը: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին ըսած է գիրքի հեղինակ Մայքլ Հասեման:
5 տարի շարունակ պատմաբանը ուսումնասիրած է Վատիկանի արխիւները եւ գտած Հայոց ցեղասպանութեան մասին չհրապարակուած 3000 էջ փաստաթուղթ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան նորովի նայիլ կատարուածին: Անցեալին գիտնականներու ձեռքին մէջ եղած են փաստաթուղթեր Գերմանիայէն, ԱՄՆ-էն, Իտալիայէն, Աւստրիայէն եւ այլ երկիրներէ, իսկ Վատիկանի արխիւները փակ էին, թէպէտ Վատիկանը շատ ականատեսներ եւ շատ կարեւոր տուեալներ ունէր:
Մասնաւորապէս արխիւներու ուսումնասիրութենէն յետոյ պարզ դարձած է, որ Հռոմի Պապ Պենետիկտոս 15-րդը սուլթանին 2 ձեռագիր նամակ գրած էր, որոնց մէջ խնդրած է դադրեցնել հայերու ջարդերը, սակայն որեւէ բանի չէր հասած: Ատկէ յետոյ ան աշխարհին կոչ ուղած էր ուշադրութիւն դարձնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածին, բայց աշխարհ չէր լսած իրեն:
Գերմանիոյ մէջ գիրքը լոյս տեսած էր Ապրիլին, եւ հեղինակը յոյս ունի, որ մօտ ապագային այն կը թարգմանուի հայերէն ու կը հրատարակուի Հայաստանի մէջ:
Պատմաբանը նաեւ նշած է, որ պիտի փորձէ այնպէս ընել, որպէսզի Հայաստանի ԳԱԱ-ն նոյնպէս ստանայ Վատիկանի արխիւային փաստաթուղթերը կամ գոնէ ատոնցմէ ամենակարեւորները:
Անոր կարծիքով` Վատիկան արդէն այսօր կարեւոր դեր կը խաղայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ. Ապրիլին Հռոմի Պապը Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածը հրապարակայնօրէն ցեղասպանութիւն որակեց, որ յանգեցուց եւս 3 երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման: