Հայկազեան համալսարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յուշակոթող բացուած է
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի պարտէզին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկի պատկերով յուշակոթող բացուած է` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, կրօնական առաջնորդներու, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւորներու, քաղաքական կուսակցութիւններու, ազգային կառոյցներու, լրատուամիջոցներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ձեռնարկը նախաձեռնած էր Լիբանանի «Հայրենակցական միութիւններու տիկնանց համախումբը»` Լիբանանի Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող կեդրոնական մարմնի հովանաւորութեամբ եւ Հայկազեան համալսարանի հետ գործակցութեամբ: Մասնակիցներուն իրենց խօսքը ուղղեցին Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոստեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Սեդա Խտշեան եւ Լիբանանի «Հայրենակցական միութիւններու տիկնանց համախմբման» ատենապետ Մարօ Պալապանեան: