ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Սուրիա ապրող ՀՕՄ-ուհիները

Հոկտեմբեր 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող ՀՕՄ Սուրիոյ պատուիրակութեան անդամներ Զեփիւռ Ռէիսեանը, Աննա Տէր-Յակոբեանը, Հռիփ Կանայեանը, Թալին Մինասեանը եւ Անի Մուրատեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը անոնց անուանեց «Սիրիայում ապրող  հերոսուհիներ, ովքեր ամենօրեայ ռմբակոծութիւնների եւ բռնութիւնների պայմաններում շարունակում են ազգային-հասարակական գործունէութիւնը»: Այնուհետեւ, նախարարը խնդրեց մանրամասն պատմել Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող հայութեան  վիճակին մասին:

 Ներկայացնելով իրավիճակը` հիւրերը նախարարին խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին սուրիահայութեան հանդէպ ցուցաբերուող սրտցաւութեան եւ պատրաստակամութեան համար եւ յանձնեցին Հալէպի Հայ ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեանի եւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութեան ատենադպիր Մարալ Տիքպիքեանի ու ատենապետ Հռիփ Կանայեանի շնորհակալական նամակները` ուղղուած նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` որուն նախաձեռնութեամբ ազգային բարերար, Մարսէլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքեշ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերեց օրհասական վիճակի մէջ յայտնուած Հալէպի Հայ ծերանոցին:

«Մղձաւանջային Հալէպէն եւ յատկապէս Հայ Ծերանոցէն մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ձեզի, Ձեր ուշադրութեան, ազնիւ վերաբերմունքին, բծախնդիր հոգատարութեան եւ զանազան տեսակի օժանդակութեան համար, քանի որ Ձեր կատարած ամէն տեսակի ներդրումը մեծապէս օգտակար կը դառնայ մեզի` մեր դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները յաղթահարելու», – նշուած է Աւօ Գաթրճեանի նամակին մէջ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մէկ անգամ եւս հաստատեց, որ սուրիահայ հայրենակիցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելը նախարարութեան աշխատանքի առաջնահերթութիւններէն է, եւ նախարարութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի անոնց խնդիրները Հայրենիքի մէջ արագ լուծում ստանան:

Զրոյցի ընթացքին երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ ՀՕՄ-ի պատգամաւորական ժողովի ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան միջեւ  համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրումը, որ լայն հնարաւորութիւններ կու տայ յետագայ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ճանապարհին:

a1 a2

Scroll Up