Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Ռուսաստանի հայերու միութեան 15-ամեակը

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Ռուսաստանի հայերու միութեան 15-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու մասնակիցներն ու հիւրերը եւ նշած , որ այս տարիներուն ՌՀՄ-ն դարձած է հեղինակաւոր հասարակական կազմակերպութիւն:

«Դուք ծանրակշիռ աւանդ կը ներդնէք մեր երկրին մէջ ազգամիջեան յարաբերութիւններու ներդաշնակեցման գործին մէջ, պահանջուած աշխատանք կը կատարէք մշակոյթի, լուսաւորութեան եւ կրթութեան ոլորտին մէջ հասարակութեան համար կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ նախագիծերու իրականացման համար: Կը նպաստէք Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ աւանդական  բարեկամական  յարաբերութիւններու ամրապնդման»,- ըսուած է Գրեմլի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

ՌԴ նախագահի խօսքով` Ռուսաստանի հայերու միութիւնը դարձած է   կազմակերպութիւն մը, որ կը ներկայացնէ աշխարհի ամենամեծաքանակ հայկական սփիւռքը` մօտ 3 մլն մարդ:

Փութին նաեւ վստահութիւն  յայտնած է, որ միութիւնը յետագային նոյնպէս աշխուժօրէն պիտի մասնակցի պետական եւ հասարակական կեանքին եւ իր ներդրումը պիտի ունենայ Ռուսաստանի զարգացման ու միջազգային հեղինակութեան բարձրացման գործին մէջ: Փութին Ռուսաստանի հայերու միութեան մաղթած է բարօրութիւն եւ ամենայն բարիք:

Scroll Up