ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Ռուսաստանի հայերու միութեան Գամչատգայի տարածաշրջանի ղեկավարը

Հոկտեմբեր 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռուսաստանի հայերու միութեան Գամչատգայի տարածաշրջանի ղեկավար, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Արթուր Խաչատրեանը:

 Հիւրը տեղեկութիւններ հաղորդեց Գամչատգայի երկրամասի հայութեան մասին` նշելով, որ ներկայիս այնտեղ կը բնակի շուրջ 2500 հայ: Անոնց զգալի մասը այնտեղ  մեկնած է 1970-80-ական թուականներուն: Հեռաւորութեան եւ կապի ժամանակակից միջոցներու բացակայութեան պատճառով թոյլ են Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները:

 Համայնքը հիմնականին մէջ հայախօս է, սակայն աստիճանաբար հայերէնը կը նահանջէ, քանի որ չկան անհրաժեշտ պայմաններ` լեզուն եւ աւանդոյթները պահպանելու համար: Չնայած այս ամէնուն, համայնքը անմասն չէ մնացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւններէն. 2015-ի Ապրիլ 24-ին ռուսական ուղղափառ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած է խաչքար եւ 100 անգամ հնչած են եկեղեցւոյ զանգերը:

Յառաջիկայ ծրագիրներէն Արթուր Խաչատրեան կարեւոր համարեց կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնումը, որուն շնորհիւ մատաղ սերունդը հնարաւորութիւն կ’ունենայ հայոց լեզու եւ պատմութիւն, հայ երգ ու պար սորվելու:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարելով ազգային ինքնութեան պահպանման միտուած նպատակային աշխատանքները` պատրաստակամութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան բազմակողմանի աջակցութեամբ սատար կանգնելու Գամչատգայի հայ համայնքի հայապահպան ծրագիրներու իրականացման:

a1 a2

Scroll Up