ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց “Glօbal Hope Network International” կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը

Հոկտեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց “Glօbal Hope Network International” (Զուիցերիա) կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը` գործադիր տնօրէն Հալ Ճոնսի գլխաւորութեամբ եւ Կամաւորական ծրագիրներու ղեկավար Վազգէն Մելքոնեանի ուղեկցութեամբ:

 Պատուիրակութեան ղեկավարը նախարարին տեղեկացուց, որ իրենց հիմնական գործունէութիւնը ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած երկիրներուն մարդասիրական օգնութիւն եւ սեփական ուժերով այդ իրավիճակներէն դուրս գալու հարցով խորհրդատուութիւն տրամադրելն է: Ներկայիս իրենք Հայաստան կը գտնուին  սուրիահայութեան աջակցող ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գիւղերու մէջ աղքատութեան վերացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն համագործակցելու  նպատակով: Կազմակերպութեան միջոցներով Սպիտակի մէջ արդէն իսկ իրականացուած է «Եսթերի տուն» ծրագիրը, որուն նպատակն է ապաստան տալ եւ աջակցիլ Սուրիայէն եւ Իրաքէն Հայաստան եկած փախստականներուն:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրերուն մարդասիրական գործունէութեան համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց սուրիահայութեան ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող աջակցութեան ծրագիրները, սահմանուած արտօնութիւնները`  նշելով, որ հիմնական դժուարութիւնը անոնց բնակարանով եւ աշխատանքով ապահովելն է:  Նախարարը նաեւ գոհունակութեամբ ընդունեց Սպիտակի մէջ կառուցուած բնակարաններու մասին լուրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նախարարութեան կողմէ հնարաւորինս աջակցիլ բնակեցման եւ կազմակերպչական այլ հարցերու մէջ:

 Հալ Ճոնսը նշեց, որ աշխարհի մէջ ընդունուած է փախստականներու համար ճամբարներ կառուցելը, որուն նախարարը պատասխանեց, որ Հայաստանի համար ընդունելի չէ այդ գաղափարը, քանի որ հայաստանցիներս սուրիահայերուն կը նայինք որպէս հարազատներ եւ մեր դռներն ու հոգիները բաց են անոնց առջեւ: Ան հիւրերուն ծանօթացուց Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայութեան համար դեռեւս 2013 թուականին Աշտարակ քաղաքին յարակից տարածքին մէջ «Նոր Հալէպ» բնակելի թաղամաս կառուցելու ծրագիրին եւ իրականացուած նախագծային աշխատանքներուն, որոնք, սակայն,  ծախսատար ըլլալուն պատճառով առայժմ կանգ առած են: Նախարարը նաեւ նշեց, որ  լիայոյս է, թէ յառաջիկային պիտի գտնուին հնարաւորութիւններ` այդ հետաքրքիր նախագիծը կեանքի կոչելու համար:

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան “Glօbal Hope Network International” կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան հարցեր:

a2a3

Scroll Up