Թուրք յայտնի գրող Քեմալ Եալչընի` «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» փաստագրական թատերգութիւնը առաջին անգամ պիտի ներկայացուի Հայաստանի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Հոկտեմբեր 14-17 Նիւ Եորքի  «Վլատիմիր Քոչարեան» թատերախումբը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պիտի ներկայացնէ «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» փաստագրական թատերգութիւնը` ըստ  թուրք գրող  Քեմալ Եալչընի համանուն գիրքին:

Ներկայացումները տեղի կ’ունենան Հոկտեմբեր 14-ին, ժամը 19:00-ին Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի, Հոկտեմբեր 15-ին, ժամը 19:00-ին` Վանաձորի Հ. Աբէլեանի, Հոկտեմբեր 17-ին, ժամը 19:00-ին` Երեւանի Կ. Ստանիսլաւսկու անվ. Թատրոններուն մէջ:

 

Scroll Up