Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք լրագրողին վրայ յարձակողներէն մէկը նախկին ոստիկան է

Թուրք յայտնի լրագրող, թրքական «Հուրիէթ» պարբերականի աշխատակից Ահմէտ Հաքանի վրայ յարձակում իրականացուցած անձերէն մէկը եղած է յատուկ նշանակութեան ուժերու նախկին աշխատակից: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»­-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական Demokrathaber.net­-ը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք լրագրող Ահմէտ Հաքանի վրայ Հոկտեմբեր 1­-ի գիշերը անյայտ անձիք յարձակում իրականացուցած էին, կոտրած անոր քիթն ու կողոսկրերը, որուն հետեւանքով լրագրողին երկու օր անց վիրահատութեան  ենթարկած էին: Ոստիկանութիւնը կրցած էր ձերբակալել յարձակումը իրականացուցած 4 անձանց: Հաքան աւելի ուշ հաղորդագրութիւն  հրապարակած էր, ուր կը նշուի. «Պիտի շարունակենք երթալ այն ուղիով, որ ճիշդ է»:

Յետագային յայտնի դարձաւ, որ յարձակումը իրականացուցած չորս երիտասարդները իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ)` Սթամպուլի Ֆաթիհ շրջանային գրասենեակի անդամներ են: Ահմէտ Հաքան բազմիցս յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութեան մասին: Ան նոյնիսկ յօդուած ունի, ուր կը թուարկէ եօթ փաստ, որոնց համաձայն` Ցեղասպանութիւնը անհերքելի իրականութիւն է:

 

Scroll Up