Գերմանացի ցեղասպանագէտը Պեռլինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւն պիտի կարդայ

Գերմանացի ցեղասպանագէտ, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու հեղինակ եւ մասնակից Թեսա Հոֆման Պեռլինի մէջ դասախօսութիւն եւ քննարկում կ’իրականացնէ ցեղասպանութեան հացանգործութեան, հայ­թրքական յարաբերութիւններու եւ այդ ծիրէն ներս Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ դիրքորոշման թեմայով:

Armenpress­-ի փոխանցմամբ` դասախօսութեան հրաւէրի մէջ կը նշուի, որ 100 տարի առաջ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հայերու Ցեղասպանութիւնը: Եւ թէպէտ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրէաներու Հոլոքոստի նման 20-­րդ դարու ամենայայտնի ոճրագործութիւններէն է, սակայն Թուրքիան` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, դեռ կը հրաժարի պաշտօնապէս ընդունելու կատարուածը:

Դասախօսութեան ժամանակ Թեսա Հոֆման կը փորձէ խօսիլ այն մասին, թէ ինչու մինչ օրս այդքան դժուար է Թուրքիոյ եւ Գերմանիայի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Scroll Up