Եսայի Հաւաթեան.«Այնճարի մէջ երբեք օտար հողի վրայ չենք զգար»

«Հայերն այսօրի» զրուցակիցը Մուսալերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեանն է:
Այնճարի մէջ ծնած եւ հասակ առած Եսայի Հաւաթեան աւարտած է Ամերիկեան համալսարանի գիւղատնտեսութեան բաժինը:
Զբաղած է նաեւ մանկավարժութեամբ եւ ազգային գործունէութեամբ, թղթակցած է «Ազդակ» օրաթերթին: Մուսա լերան մասին ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ է:
–Պարո՛ն Հաւաթեան, կը ներկայացնէ՞ք Այնճարի հիմնադրման պատմութիւնը:
-Այնճար արաբերէն բառ է, որ կը նշանակէ հոսող աղբիւր: Այնճար ունեցած է հոսող աղբիւր, ատոր համար ալ այդ շրջանը այդպէս անուանած են:
Ֆրանսացիներու օրօք հիմնուած գիւղը նախ կրած է Մուսալեռ-Այնճար անունը, որ արաբերէն անուանած են Հաուշ Մուսա–Այնճար:
Այնճար հիմնուած է 1939 թուականին: Ինչպէս կ’ըսէր մուսալեռցի գրող Էտուարտ Պոյաճեան, շատ վատ պայմաններու մէջ ստեղծուեցաւ Այնճարը` համաշխարհային պատերազմի նախօրէին:
Ամբողջ տարածքը ճահիճ եւ անապատ էր: Պատկերացուցէք` այդ պայմաններուն մէջ մուսալեռցիները այնտեղ վրաններու տակ ապրած են: Դժբախտաբար, ճահիճներէն անոնք վարակիչ հիւանդութիւններ ստացած են: 1915-ի Մուսալերան հերոսամարտին մուսալեռցիները 18 նահատակ ունեցած են:
Միայն Այնճարի հիմնադրութեան օրերուն զոհ գացած են մեծաթիւ գաղթականներ, որոնց ընդհանուր թիւը կը հասնի 800-1000 հոգի:
Սակայն, այս դժոխային պայմաններուն մէջ այնճարցիները չեն ընկճուած եւ շարունակած են յամառ պայքարի միջոցով ոտքի կանգնիլ:
Անոնք անմարդաբնակ վայրը բնակելի դարձուցին, խնձորի այգիներ տնկեցին: Առաջին տարիները բնակչութեան համար դաժան եղաւ, մինչեւ օգնութեան հասաւ ֆրանսական կառավարութիւնը:
Նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուեցան 1065 մէկ սենեականոց բնակարաններ, որոնք շատ փոքր էին: Ատոնք կը կոչուէին ֆրանսական տուներ: Բնակարաններու շինարարութիւնը յանձն առին հէնց մուսալեռցիները:
Գիւղին մէջ կառուցուեցան աղբիւրներ, որոնք բնակչութեան համար սպեղանի եղան.տուներուն մէջ, բնաւ, ջուր չկար:
–Իսկ Այնճարի յետագայ ճակատագիրը ինչպէ՞ս դասաւորուեցաւ:
-Մինչեւ հարցին պատասխանեմ, տեղեկացնեմ, որ Այնճար գիւղի հիմնադիրը Մովսէս Տէր-Գալուստեանն է: Ան էր, որ հողը գնելու հարցով բանակցած է ֆրանսացիներուն հետ:
Վերադառնալով հարցին` ըսեմ, որ 1946-1947 թուականներուն մուսալեռցիներու 66% Հայաստան գաղթեց, որմէ յետոյ Այնճարի մէջ շուրջ 1300 հոգի մնացին:
Մնացած մարդիկ տեղափոխուեցան գիւղի կեդրոնը. Այնճարը գրեթէ դատարկուեցաւ:
Մնացած միւա մուսալեռցիները, հասկնալով, որ այլեւս չեն կրնար Մուսալեռ վերադառնալ, Այնճարի մէջ խնձորի այգիներ տնկեցին եւ սկսան զբաղիլ գիւղատնտեսութեամբ: Այդպիսով, Այնճար Լիբանանի համար դարձաւ խնձորի մշակման շատ կարեւոր եւ յայտնի կեդրոն:
1956թ-էն յետոյ, երբ դադրեցան պաղեստինցիներու ոտնձգութիւնները, Այնճար վերականգնուեցաւ եւ ստացաւ իր նախկին տեսքը:
Զարթօնք ապրեցաւ գիւղը. կենցաղային պայմանները բարեփոխուեցան, զարկ տրուեցաւ շինարարութեան, իսկ գիւղատնտեսութիւնը զարգացաւ:
Մէկ խօսքով` Այնճար դարձաւ հայութեան որոշ շերտի ապահով անկիւն: Լիբանանեան պատերազմի ժամանակ հազարաւոր հայ գաղթականներ ապաստանեցան Այնճարի մէջ: 1991թուականին Այնճարի համար եղաւ նոր ծաղկումի շրջան:
Վերջերս Այնճար այցելած Արամ Առաջին, տեսնելով վերջին 4-5 տարիներու զարգացումը, ըսաւ,-“Այնճարը այլեւս գիւղ չէ, գիւղաքաղաք ալ չէ, Այնճար այլեւս քաղաք է”:
Այսօր Այնճարի մէջ ամենօրեայ հսկողութիւն կ’իրականցուի, կը պաշտպանենք մեր քաղաքը, քանի որ չենք գիտեր, թէ մեզի ամէն վայրկեան ինչ կը սպասէ:
–Պարո՛ն Հաւաթեան, Այնճարի մէջ հայկական շունչն ու ոգին կը պահպանուի՞:
-Այնճարի մէջ երբեք օտարութիւն չենք զգար: Այնտեղ հայկականութիւնը պահպանելու համար ամէն ինչ կ’ընենք, յատկապէս` երիտասարդներուն շրջանին:
Կ’ապրինք վայրի մը մէջ, ուր ամբողջութեամբ հայեր կը բնակին եւ հայախօս են, իսկ Մուսա լերան բարբառը գործածութեան մէջ է:
Միշտ աչքի կ’իյնանք մեր համայնքային ջերմ յարաբերութեամբ: Թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան առիթներով համախմբուած` իրար կողք կանգնած ենք:
Իսկ պետական եւ ազգային տօները, ըստ աւանդոյթի, պարտադիր կը նշենք:
Վստահ եմ, որ մեր համերաշխ համայնքային կեանքը պիտի շարունակուի երկար տարիներ:
Կը գործեն երեք` Աւետարանական, Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներն ու դպրոցները, ուր կը յաճախեն աւելի, քան 500 աշակերտ:
Դպրոցներուն մէջ շարք մը առարկաներու կողքին պարտադիր կ’ուսուցանուի Մայրենի, հայոց պատմութիւն առարկաները:
Հարկ է նշել, որ Այնճար այնպիսի ճանչցուած եւ նշանաւոր մարդիկ ունի, որոնք ազգային, կրթական կեանքի զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են: Անոնք են Գանատայի «Հորիզոն» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան եւ այլոք:
Անոնք,ապրելով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, կապը մեզի հետ երբեք չեն կտրեր:
Այնճար նաեւ իր Սփիւռքը ունի. մուսալեռցիներու մէկ ստուար զանգուածը հեռացած է, հաստատուած ամերիկայի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ:
Այնճարի համար այժմ խնդիրն այն է, որ արտագաղթի պատճառով բնակչութեան թիւը չաճիր: Երիտասարդները աշխատանք գտնելու, ուսում ստանալու համար բնակութիւն կը հաստատեն Պէյրութի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ:
–Իսկ այժմ այլ խնդիրներ կա՞ն Այնճարի մէջ, որոնք կը խանգարեն բնականոն հունով ապրելու:
– Վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, անշուշտ, իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Այնճարի վրայ: Մեր մօտ եւս կը լսուին ռումբի ձայները: Դէպի Դամասկոս տանող ճանապարհը փակ է, եւ չենք կրնար արտահանել Այնճարի ապրանքները: Ուստի, սա տնտեսութեան անկման մեծ հարուած էր, տուժեցինք շատ:
Հրատապ լուծելի խնդիրներէն է աշխատավայրերու պակասը, որուն պատճառով եւս երիտասարդները կը հեռանան Այնճարէն:
–Պարո՛ն Հաւաթեան, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները ինչպէ՞ս անցան:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներուն կեդրոնական մարմնի հայրենակցական բոլոր միութիւններով սկսանք պատրաստուիլ դեռեւս 2010 թուականէն:
Ուրախութեամբ պէտք է ըսեմ, որ նախաձեռնած բոլոր ծրագիրները յաւուր պատշաճի իրականացուցինք:
Կեդրոնական մարմնի անդամներու քննարկումներու արդիւնքով որոշեցին, որ ձեռնարկները պէտք է տեղի ունենան հերոսամարտի օրերուն` Յուլիս 31–էն մինչեւ Սեպտեմբեր 13: Միայն Լիբանանի մէջ 18 ձեռնարկ կազմակերպեցինք` իւրաքանչիւրը նուիրելով մէկ նահատակի:
Որոշուեցաւ նաեւ, որ եզրափակիչ հանդիսութիւնները Հայաստանի մէջ տեղի ունենան: Ուստի կոչ ուղղուեցաւ աշխարհով մէկ սփռուած մուսալեռցիներուն միանալու հայաստանեան ձեռնարկներուն: Միայն մեր շրջանէն 66 ուխտաւոր մուսալեռցիներ եկան Հայաստան: Իսկ այլ երկիրներէ շուրջ 200 մուսալեռցիներ արձագանքեցին մեր կոչին. նոյնիսկ Թուրքիոյ Վագըվ գիւղէն մուսալեռցիներ եկած էին:
Ձեռնարկները տեւեցին Սեպտեմբեր 14-20:
–Քայլարշաւը կազմակերպելու գաղափարը որո՞ւն կը պատկանէր, պարո՛ն Հաւաթեան:
-Այն որոշուած էր կեդրոնական մարմնին կողմէ` ցոյց տալու համար, որ մենք յաղթած ենք թուրքին: Ուզեցինք ըսել` միայն միասնականութեան շնորհիւ մուսալեռցիները յաղթեցին: Քայլարշաւը ծրագրուած էր սկսիլ Սեպտեմբեր 20-ին` Երեւանի Շահումեան հրապարակէն եւ հասնիլ մինչեւ Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր: 23 հոգի մասնակցեցաւ քայլարշաւին: Երեք ժամուան ընթացքին հասանք յուշահամալիր: Նախաձեռնութիւնը կարելի է յաղթանակի քայլարշաւ համարել:
Յատուկ այս նպատակով խորհրդանշանակ խաչ-դրօշակ պատրաստած էինք, որուն վրայ պատկերուած էին Մուսա լերան յուշահամալիրի 4 երկիրներու` Այնճարի, Հայաստանի, Գանատայի, Մուսա լերան մէջ, գտնուող յուշակոթողները: Խաչանիշ դրօշը իրար կը միացնէ աշխարհասփիւռ մուսալեռցիները:
Շնորհակալ ենք հայաստանեան այն կառոյցներուն, որոնք մեզի աջակցեցան կազմակերպման համար:
Շնորհակալ ենք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Այս օրերուն ընթացքին զգացինք տիկին նախարարի ջերմ ու սրտցաւ վերաբերմունքը եւ զօրակցութիւնը բոլորիս հանդէպ: Ամենակարեւորը հասկցանք, որ Հայրենիքի մէջ անտեսուած չենք:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան