«Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» փորձագիտական համաժողովի աշխատանքները սկսան

Սեպտեմբեր 25-ին ՀՀ կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» փորձագիտական համաժողովի աշխատանքները սկսաւ, որուն կը մասնակցէին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամներ, տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, գիտական եւ ուսումնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:

Համաժողովի օրակարգի առաջին մասին մէջ ընդգրկուած էին ՀՀ արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարարութիւններու, տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կատարած եւ յառաջիկային կատարելիք աշխատանքներու վերաբերեալ զեկուցումներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Վիգէն Սարգսեան:

Ողջունելով ներկաները` Վ. Սարգսեան ընդհանուր գիծերով ամփոփեց Ցեղասպանութան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ակնառու աշխատանքները` նշելով, որ այն արդիւնքը, որ ձեռք բերուեցաւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին իրականացուած ձեռնարկներու շնորհիւ, կը նախանշէ եւ կողմնորոշէ մեր ազգային կեանքի յետագայ ընթացքը:

«Գործնական հարթութիւնում, 100-րդ տարելիցի միջոցառումները յանգեցրին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ փոխգործակցութեան նոր մոտելների ձեւաւորմանը: 100-րդ տարելիցի միջոցառումների յաջողութիւնն ապացուցում են փոխգործակցութեան այդ հսկայական ու բացառիկ ուժը, ազգային խնդիրներին պետական միջոցներով տէր կանգնելու մօտեցումը»,- նշեց Վիգէն Սարգսեան:  Ան տեղեկացուց նաեւ, որ վաղը` պետական յանձնաժողովի նիստին, կ’ընդունուին  շարք մը կարեւոր որոշումներ: Մասնաւորապէս, կը քննարկուի ՀՀ նախագահի կողմէ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի ընթացքին հնչեցուած գաղափարը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի հենքի վրայ Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին: Խորհուրդը պէտք է մշտական հարթակ դառնայ Հայաստան-Սփիւռք երկխօսութեան եւ ազգային խնդիրներու կանոնակարգուած քննարկման համար:

Իրենց կառոյցներուն կողմէ իրականացուած աշխատանքները ամփոփեցին ԱԳՆ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած ծաւալուն աշխատանքները ներկայացուց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքեան յանձնախումբերուն, համայանքային, հոգեւոր, բարեգործական, մշակութային կառոյցներուն, մտաւորականներուն ու արուեստագէտներուն փայլուն գործակցութեան համար` նախարարը նշեց այն 7 հիմնական ուղղութիւնները. որոնք եղած են իրենց աշխատանքներու առանցքին մէջ. քաղաքական, քարոզչական,  գիտահետազօտական-հրատարակչական աշխատանքները, գիտաժողովներ-համաժողովները, համայնքային ձեռնարկները, հոգեւոր-եկեղեցական արարողութիւնները:

Համառօտ անդրադառնալով իրականացուած աշխատանքներուն`  նախարարը ընդգծեց, որ այդ ամէնուն շնորհիւ տեսանելի եւ շօշափելի արդիւնքներ գրանցուեցան: Սփիւռքը համախմբուեցաւ, աւելի վստահութիւն ձեռք բերաւ իր ուժերուն հանդէպ, աւելի Հայաստանակեդրոն  դարձաւ:  Բազմաթիւ ժողովուրդներ իրազեկուեցան տեղի ունեցածին մասին եւ աւելցան այն երկիրներու, կառոյցներու, անհատներու թիւը, որոնք դարձան «այլեւս երբեք»-ի գաղափարակիր: Հազարաւոր ծպտեալ հայերու մօտ արթնցաւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը, Հայաստանի եւ հայերէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը:

Խօսելով ապագայ ընելիքներուն  մասին` Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ կուտակուած փորձի, ունեցած աղբիւրներու շնորհիւ աւելի նպատակային, աւելի աշխուժօրէն  եւ ուղղորդուած կը պատրաստուին 100+1-ին, 100+2-ին եւ յետագայ տարելիցներուն:

Աւարտելով խօսքը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց  վերազարթօնքի ապրեցնող հսկայական ներուժի մասին, որ կուտակուեցաւ այս ամէնուն արդիւնքով եւ որուն ճիշդ ուղղորդման խնդիրները կրնայ լուծել համահայկական այն կառուցը, որ  յառաջիկային ՀՀ Նախագահի  առաջարկով կը ստեղծուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի հենքի վրայ:

Այնուհետեւ, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախագահեց  «Տարածաշրջանային յանձնախումբերու աշխատանքներու ընթացքը եւ յառաջիկայ ընելիքները» թեմայով նիստը, որուն ընթաքին ելոյթ ունեցան Եգիպտոսի, Իսրայէլի, Իրանի, Լիբանանի, Յորդանանի, Սուրիոյ, Աւստրիոյ, Պելճիգայի, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Շուէտի, Ռումանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Վրաստանի, Գանատայի, Աւստրալիոյ  տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներն ու  ներկայացուցիչները, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

«Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» փորձագիտական համաժողովի աշխատանքները կը շարունակ են:

Scroll Up