Հռոմի պապը Նիւ Եորքի մէջ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է հայերու կողմէ

Պատմական այցով ԱՄՆ գտնուող Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին  Սեպտեմբեր 24-ին Նիւ Եորքի հայերը դիմաւորած են երախտագիտութիւն յայտնող պաստառներով, կը գրէ News.am-ը:

Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ «Շնորհակալութիւն, Ֆրանչիսկոս պապ, Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտելու համար» գրութեամբ պաստառով հարիւրաւոր հայեր ողջունած են Պապը:

Հռոմի պապը հայերու կողմէ նոյն ջերմ ընդունելութեան  արժանացած է նաեւ Ուաշիկթընի մէջ, որ անոր` Սեպտեմբեր 22-ին մեկնարկած ԱՄՆ առաջին այցի առաջին կանգառն էր:

Աւելի առաջ հաղորդած էինք, որ Ֆիլատելֆիոյ փողոցներուն մէջ, ուր Հռոմի պապը կը մեկնի Նիւ Եորքէն, յայտնուած են ցեղասպանութեան ճանաչման համար Հռոմի պապին շնորհակալութիւն յայտնող պաստառներ:

01

Scroll Up