Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է Հայ Կաթողիկէ «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը. լուսանկարներ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Գիւմրիի մէջ ներկայ գտնուած է Հայ Կաթողիկէ «Սրբոց Նահատակաց» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան եւ Սուրբ պատարագին, որ տեղի  ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհուրդի ներքոյ` տարելիցի յիշատակի ու ոգեկոչման ծիրէն ներս: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Եկեղեցին «Սրբոց Նահատակաց» անուանումը կը կրէ ի նշան Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու անմար յիշատակին:

Սրբազան արարողութեան ներկայ  եղած են ՀՀ պաշտօնատար անձիք, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սինոտոսի անդամ եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կառուցման բարերարները, աշխարհիկ հիւրեր տարբեր երկրներէ:

Արարողութիւնը կատարուած է Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու նախագահ Վսեմաշուք Քարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Գապրոյեանի համանախագահութեամբ:

Եկեղեցւոյ բացման կապակցութեամբ Պապական Նուիրակ Մարեկ եպիսկոպոս Սոչինսկին ընթերցած է Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը, իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի` եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան խօսքը:

****

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Գիւմրիի մէջ Հայ Կաթողիկէ Աթոռոնաիստ եկեղեցի կառուցելու նպատակ  ունեցած է եւ առաջին քայլերը իրականացուցած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջին առաջնորդ երջանկայիշատակ Գ.Տ. Ներսէս արք. ՏէրՆերսիսեան: Նախապատրաստական գործողութիւնները շարունակած է երկրորդ առաջնորդ Գ.Տ. Նշան արք. Գարաքեհէյեան, շինարարական աշխատանքները սկսած են Առաքելական պատուիրակ նշանակուած, Հ. Վահան ծ.վրդ. Օհանեանի օրօք 2010 թուականէն` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, ՀՀ կառավարութեան աջակցութեամբ:

Եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները շարունակած եւ աւարտին հասցուցած է 2011 թուականէն թեմի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած Գ.Տ. Ռաֆաել արքեպիսկոպոս Մինասեան, որուն որոշմամբ ալ` որպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ, ի նշան նահատակներու անմար յիշատակին, եկեղեցին կը կրէ Սրբոց Նահատակաց անուանումը:

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցման հիմնական աջակիցներն են` Վատիկանի Սուրբ Աթոռը, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովը, Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու խորհուրդը, ԱՄՆ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու խորհուրդը, Ռենովաբիս կազմակերպութիւնը, Կիրխէ Ին Նօթը, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քեօլնի թեմը, «Աշխատանք Արեւելքի մէջ» ընկերակցութիւնը, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանը, Սուրբ Վլաս եկեղեցին, Գափորալէ ընտանիքը Իտալիայէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած է նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար:

0203 04 05

 

Scroll Up