Ինծի համար նոյնիսկ պատիւ է Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին յայտնուիլը. Վալանսի քաղաքապետ

Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է «Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» փառատօնի ծրագիրի ծիրէն ներս Արցախ ժամանած Ֆրանսայի Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն:

Խօսելով իրենց տպաւորութիւններուն մասին` Նիքոլա Տարակոն նշած է, որ Արցախ պատմական հրաշալի  վայր մըն է, որ ունի շատ խոր արմատներ: Արցախն ու արցախցին միշտ ցոյց  տուած են իրենց պայքարելու կամքը, տոկունութիւնն ու նպատակասլացութիւնը: «Վերադառնալով Ֆրանսա` Արցախէն ստացած մեր մեծ տպաւորութիւններուն մասին կը պատմենք Ֆրանսայի հանրութեան»,- ըսած է Նիքոլա Տարակոն:

Վալանսի քաղաքապետը յատուկ ընդգծած է Արցախի ժողովրդավարական երկիր ըլլալը, ուր ընտրութիւնները կ’ընթանան բարձր մակարդակով` ազատ ու թափանցիկ: Խօսելով Ֆրանսա-Արցախ համագործակցութեան մասին` ան նշած է նաեւ, որ կան  շարք մը ծրագիրներ, որոնք համատեղ կ’իրականացնենք` ատոնք են մշակոյթը, բժշկութիւնը, տնտեսութիւնը:

Վերջինիս արդիւնքով ալ կ’աշխուժանայ ու կը զարգանայ զբօսաշրջութիւնը: Անդրադառնալով իրեն` Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ մտցնելու փաստին` Նիքոլա Տարակոն նշած է. «Ես ամենեւին ալ չեմ վախնար «սեւ ցուցակ»-ներէն. ինծի համար նոյնիսկ պատիւ է Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին յայտնուիլը»:

Scroll Up