ՀՀ սփիւռքի նախարարը հարցազրոյց տուաւ լիբանանեան «Ալ Մայատին» հեռատեսիլին
Սեպտեմբեր 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հարցազրոյց տուաւ լիբանանեան “Ալ Մայատին” արբանեակային հեռ հեռատեսիլի ընկերութեան:
Հարցազրոյցը սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայութեան հիմնախնդիրներու մասին էր:
Պատասխանելով լրագրողի հարցերուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանգամանօրէն պատմեց սուրիահայութեան սատար կանգնելու, անոնց համար բաւարար կենսապայմաններ ապահովելու, նոր պայմաններուն եւ հասարակութեան ինտէգրուելու նպատակով ցուցաբերուող պետական աջակցութեան, այս ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէն իրականացուող աշխատանքներու մասին: