Լիզպոնի հինգ մարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշ-երեկոյ Նոր-Ջուղայի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնն ու Թուրքիոյ կողմէ ատոր ուրացումը բարձրաձայնելու նպատակով 1983 թ. Յուլիս 27-ին Հայ յեղափոխական բանակի հինգ անդամներ`Սեդրակ Աճեմեան, Վաչէ Տաղլեան, Արա Քերճլեան, Սիմոն Հահնեան եւ Սարգիս Աբրահամեան Լիզպոնի մէջ տեղակայուած Թուրքիոյ դեսպանատունը գրաւելէ յետոյ պայթեցուցին այն եւ փլատակներու տակ ողջակէզ դարձած նահատակուեցան:
Լիզպոնի մէջ զոհուած հինգ մարտիկներու յիշատակը յարգելու եւ վառ պահելու նպատակով Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սկաուտական միաւորի գերագոյն մարմնի նախաձեռնութեամբ չորեքշաբթի` Սեպտեմբեր 9-ի երեկոյեան ժամը 8-ին միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան:
Ձեռնարկին սկիզբը միաւորի Արի-արենուշական հատուածի միջոցով կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, ապա միաւորի Գերագոյն մարմնի խօսքը ընթերցեց Մանիա Ղուկասեան: Ծրագիրի ընթացքին ներկաները ունկնդրեցին Արեգա Սիմոնեանի եւ Վանիա Պետրոսեանի կատարմամբ Ս. Կապուտիկեանի հայրենասիրական ստեղծագործութիւններէն, դիտեցին հինգ մարտիկներու անձնազոհական գործողութեան մասին փաստա-վաւերագրական տեսաժապաւէնը եւ Հարմա Կարապետեանի ու Թանգիկ Միրզախանեանի կատարմամբ «Զինուորի երգը» զուգերգը:
Ներկաները վայելեցին նաեւ միաւորի Գայլիկ–արծուիկներու կատարմամբ հայրենասիրական խմբերգներ: Երեկոն վարեց Վեհանոյշ Խուդաբախշեան:
Նշելի է, որ Յուլիս 26-30ին նոյն միաւորի նախաձեռնութեամբ իրականացուեցաւ ամենամեայ կարցով տեղի ունեցող ֆութպոլի 25-րդ մրցաշարը, որուն մասին լուրը կը հաղորդենք յաջորդիւ: