Երիտասարդական նուագախումբը Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/0125.jpg)
Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ մէջ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ զրոյցին տեղեկացուց Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեան:
«Համերգներ ունինք Աւստրիոյ` Վիեննայի եւ Լինցի մէջ: Սեպտեմբեր 18-ին Լինցի մէջ` Պրուքների փառատօնի ծիրէն ներս, հանդէս կու գանք համերգով, իսկ Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած համերգ պիտի ըլլայ Վիեննայի Միւզիքֆերայն համերգասրահին մէջ: Դասական երաժիշտներու համար այն լաւագոյն դահլիճներէն մէկն է, մեզի համար ատիկա մեծ յաղթանակ է:
Այնուհետեւ կը մեկնինք Սպանիա. Սեպտեմբեր 25-ին եւ 26-ին հանդէս կու գանք Սարագոսայի Sala Mozart եւ Մատրիտի Teatro Real համերգասրահներուն մէջ: Վերջին համերգի տոմսերը ամբողջութեամբ սպառած են»,նշեց ՀՊԵՆ գեղարուեստական ղեկավարը եւ գլխաւոր խմբավարը: Սպանական հիւրախաղերու ժամանակ առաջին անգամ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը հանդէս կու գայ ճանչցուած ջութակահար Արա Մալիկեանի հետ:
«Արա Մալիկեան հայ ջութակահար է, ծնած է Պէյրութ, հիմա կ’ապրի Սպանիոյ մէջ: Ան լատինախօս երկիրներու մէջ ամենայայտնի մարդն է, որուն հետ համերգը միանշանակ մեծ յաջողութիւն է: Շատ կարեւոր է, որ նուագախումբը առաջին անգամ պիտի այցելէ Սպանիա, համերգ ունենայ Teatro Realի մէջ այն արուեստագէտին հետ, որ այդ երկրին մէջ ամենաճանաչուածն ու յաջողակն է», նշեց ան: Սերգէյ Սմբատեան կը վստահեցնէ` Արա Մալիկեանին միանշանակ Հայաստան պիտի բերեն: «Պէտք է հրաւիրենք Հայաստան: Ան հայազգի հերոս է, բայց լաւ ճանչցուած չէ Հայաստանի մէջ: 2016-ի համերգաշրջանին մէջ պէտք է անոր ներկայացնենք Հայաստանի մէջ»,ընդգծեց ան: Սմբատեան կը փաստէ` նուագախումբը շրջագայութիւններու բոլոր համերգներուն չի կատարեր ողբերգական երաժշտութիւն. Պիտի հնչեն հայ ազգի վերածնունդը խորհրդանշող գործեր:
«Մեզի համար շատ հաճելի է, որ հանդէս պիտի գանք Միւզիքֆերայնի եւ Teatro Real-ի պէս համերգասրահներու մէջ: Աշխարհի մէջ 30-40 լաւագոյն նուագախումբեր կան, անոնցմէ բոլորը չէ, որ հանդէս եկած են այս երկու դահլիճներուն մէջ: Մենք յաջողած ենք ատիկա ընել»,-եզրափակեց Սերգէյ Սմբատեան: