Ֆրանսայի Նիս քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները Սփիւռքի նախարարութեան մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/Nic...jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Հայկական միութեան փոխնախագահ Մացակ Փոլատեանը եւ Նիսի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արտօ Օքսայեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց ֆրանսահայ գործիչներու իրականացուցած աշխատանքներն ու ծրագիրները: Ան շնորհաւորեց Արտօ Օքսայեանը Նիսի Ծխական խորհուրդի ատենապետի պաշտօնին վերընտրուելու կապակցութեամբ եւ վստահութիւն յայտնեց, որ այսուհետ եւս խորհուրդը կ’աշխատի առաւել հետեւողականօրէն` համախմբելով համայնքը Հայ եկեղեցւոյ շուրջ:
Քննարկուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն Նիսի համայնքի առաւել աշխոյժ մասնակցութեան հարցը: Նախարարը հիւրերուն ներկայացուց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրները, մասնաւորապէս, Սեպտեմբեր 23-27 «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնի ծրագիրը եւ յորդորեց համայնքէն ներս վառ պահել հայ մշակոյթի ջահը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` հիւրերը նախարարին ներկայացուցին Նիսի համայնքային կեանքին առնչուող խնդիրները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկկներու իրականացման ընթացքը, յառաջիկայ ընելիքները եւ նշեցին, որ իրենց պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 27-ին պիտի մասնակցի միւռոնօրհնէքի արարողութեան:
Կողմերը քննարկեցին համայնքին առնչուող այլ հարցեր: