Չինացիները կը սորվին հայերէն

2014 թուականի Սեպտեմբերէն Չինաստանի ԿԳՆ-ի աջակցութեամբ Փեգինի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ (ՊՕԼՀ) նոյն համալսարանի ասպիրանտ, Չինաստանի հայկական համայնքի Գործադիր մարմնի անդամ, Չինաստանի հայկական ուսանողական միութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Մերի Կնեազեան կը դասաւանդէ հայերէն լեզու: Հայերէնի ուսումնասիրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է, բազմաթիւ ուսանողներ ցանկութիւն  յայտնած են ուսումը շարունակելու Հայաստանի մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն Չինաստանի հայկական համայնքէն:

Ինչպէս նշեց հայերէնի ուսուցչուհի  Մերի Կնեազեան, ՊՕԼՀ-ը Չինաստանի լեզուաբանական լաւագոյն համալսարաններէն է, եւ հայերէնի դասաւանդումը կարեւոր է այստեղ: Հայերէն կ’ուսանին համալսարանի 2-րդ եւ 3-րդ դասարանի 11 ուսանողներ` որպէս երրորդ օտար լեզու: «Լեզուն ընտրողական է,- կ’ըսէ ան,- Եւ ոգեւորիչ է այն փաստը, որ ուսանողները այն ընտրած են ըստ ցանկութեան: Ի զարմանս ինծի, լեզուն այնքան ալ դժուար չի տրուիր չինացիներուն: Անոնք հայերէնի բարդ հնչիւնները, ինչպէս օրինակ` ձ, ծ, ց-ը, կ’արտասանեն զարմանալիօրէն սահուն: Լեզուի հետ միասին կ’անցնին նաեւ մշակութային դասեր, ինչ որ աւելի կը  մեծցնէ լեզուի հադէպ հետաքրքրութիւնը: Կը դիտենք Հայաստանի մասին ֆիլմեր, կը լսենք` հայկական երաժշտութիւն»:

Չինաստանի մէջ Հայկական համայնքի նախագահ Հենրի Արսլանեան ընդգծեց, որ հպարտութեամբ կը լեցուի, երբ կը տեսնէ երիտասարդ չինացիներ, որոնք մեծ հաճոյքով կը սորվին հայերէն, կ’ուսումնասիրեն Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, ինչպէս Չինաստանի հայերը կ’ուսումնասիրեն չինարէնն ու չինական մշակոյթը:

«Երբ գիտցայ, որ մեր համալսարանէն ներս արդէն կրնամ սորվիլ հայերէն, անչափ ուրախացայ եւ անմիջապէս օգտուեցայ առիթէն,-ըսաւ 21-ամեայ Խուան Ծիենիւն (Կուանսի նահանգէն),- Հիմա հնարաւորութիւն ունիմ ալ աւելի ծանօթանալու այդ հիասքանչ երկրի մշակոյթին եւ անպայման պիտի մեկնիմ Հայաստան` շրջագայութեան»:

Թայուանցի Շի Սինգիւն ըսաւ, որ ընտրած է հայերէնը, քանի որ այն ամբողջովին տարբեր է իր իմացած միւս լեզուներէն: Ան նշեց, որ Չինաստանի մէջ շատ քիչերը կրնան խօսիլ այս լեզուով, եւ ՊՕԼՀ-ի դասընթացքը լաւ հնարաւորութիւն է սորվելու հայերէն: Ան աւելցուց, որ իր մասնագիտութիւնը արտաքին առեւտուրն է, եւ հայերէնի իմացութիւնը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ զարգացնելու տնտեսական կապերը Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ:

Հ.Գ. Չինահայի մասին յաւելեալ տեղեկատուութիւն կրնաք ստանալ` այցելելով www.chinahay.com կայքը: Կապ կրնաք հաստատել` գրելով contact@chinahay.com  էլ-փոստին:

Չինաստան1

Scroll Up