Հրանոյշ Յակոբեան.«Սրտաբանութեան եւրակովկասեան համաժողովը ապացուցած է իր կարեւոր դերը»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/ss.jpg)
Սեպտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ մեկնարկեց «Սրտաբանութեան եւրակովկասեան 5-րդ համաժողովը» (Euro-Caucasian Congress of Cardiology), որուն կը մասնակցին 50-է աւելի օտարազգի եւ սփիւռքահայ անուանի սրտաբաններ` Ֆրանսայէն, Մոնաքոյէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ շուրջ 200 մասնագէտ` Հայաստանէն ու Արցախէն:
Համաժողովի նպատակն է` նպաստել սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման, աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժի համախմբման, Հայաստանի Հանրապետութեան, Սփիւռքի եւ Արցախի սրտաբաններու համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձի փոխանակման:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սրտաբանութեան եւրակովկասեան համաժողովն ապացուցել է իր կարեւոր դերը, եւ պատահական չէ, որ գնալով է՛լ աւելի մեծ թուով հայաստանցի եւ արցախցի սրտաբաններ են մասնակցում ակտիւօրէն այս միջոցառմանը, Սփիւռքի եւ օտարազգի սրտաբանների հետ փոխանակում իրենց գաղափարներն ու մտայղացումները` փորձելով ստացուած տեղեկութիւնների եւ փորձառութիւնների համադրմամբ նոր ու առաւել արդիւնաւէտ մօտեցումներով յաղթահարել ոլորտին առնչուող մարտահրաւէրները»:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի նախաձեռնող «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան եւ կազմակերպութեան նախագահ Աւետիս Մատիկեանին, որ դեռեւս 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժի տարիներէն սկսած զգալի ներդրումներ ըրած է Հայաստանի մէջ առոջապահական բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացնելու գործին մէջ:
Գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւոր համարեց 2010թ. Գորիսի մէջ Ֆրանս-հայկական սրտաբանական կեդրոնի հիմնումը, որ առանցքային դերակատարութիւն ունի Հայաստանի մէջ եւ, մասնաւորապէս, Սիւնիքի մարզին մէջ սրտաբանութեան ոլորտին աջակցելու եւ հանրութեան առողջութիւն պարգեւելու գործին մէջ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն արդէն չորրորդ անգամ անընդմէջ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսիա» կազմակերպութեան եւ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հետ համատեղ Հայաստանում կազմակերպում է Սրտաբանների եւրակովկասեան համաժողովը, եւ ուրախալի է, որ Հայաստանի սրտաբանները, ակտիւօրէն մասնակցում են այս կարեւոր ձեռնարկին: Առանձնակի շնորհակալ ենք նաեւ արտասահմանից ժամանած հայազգի եւ օտարազգի սրտաբաններին, որոնք իրենց միջազգային փորձն ու գիտելքները, ինչպէս նաեւ նոր մտայղացումները եւ նորամուծութիւնները բերում են Հայաստան` փորձելով աջակցել մեր երկրում սրտաբանութեան բնագաւառում բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորմանը եւ առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու անհրաժեշտ գործին: Ուրախալի է նաեւ, որ առաջին անգամ համաժողովին մասնակցում է նաեւ մեր հարեւան երկիրը` Վրաստանը ներկայացնող սրտաբան»:
Նախարարը յայտարարեց, որ Հանրապետութեան տօնին առթիւ, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշակալի աւանդի համար ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան եւ կազմակերպութեան նախագահ, դոկտոր Աւետիս Մատիկեան պարգեւատրուած է «Մխիթար Հերացի» մետալով, եւ անոր յանձնեց մետալը:
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ երկօրեայ քննարկումները հնարաւորութուն կ’ընձեռեն մասնագենտերուն` իրարու փոխանցելու իրենց գաղափարներն ու գիտելիքները, սրտաբանութեան ոլորտի նորարարական եւ արդիւնաւէտ մօտեցումները: «Վստահ եմ, որ, երկու տարին մէկ Հայաստանում հաւաքուելով եւ միասին քննարկելով, դրական արդիւնքներ կ’ապահովէք Հայաստանում գերակայ խնդիր համարուող այս բնագաւառում», – աւելցուց ան:
Առաջին նիստը կը վարէին Ռուսաստանի գլխաւոր սրտի վիրաբուժութեան, Ռուսաստանի սրտի վիրաբուժներու ընկերակցութեան նախագահ, Ռուսաստանի հայերու միութեան կից հայ բժիշկներու ընկերակցութեան նախագահ, ակադեմիկոս Բագրատ Ալէքեան եւ Սրտաբաններու եւրակովկասեան համաժողովի գիտական խումբի ղեկավար Փոլ Պարական:
Զեկոյցներով հանդէս եկան Անթուան Լաֆոն (Ֆրանսա, Փարիզ) «Կենսաքայքայելի ստենդ» թեմայով, Ալիս Օհանէսեան` (Ֆրանսա, Փարիզ) «Սրտի զարկերակային հիւանդութիւնը կանանց մօտ», Տաւուտ Մոյաիտ` (Իրան, Թեհրան) «Սրտի վիրահատութիւն, երկարաժամկէտ արդիւնքներ անցեալին CMVC կամ OMVC հիւանդութիւններ ունեցած հիւանդներու մօտ», Բագրատ Ալէքեան` (Ռուսաստան,Մոսկուա) «Նախասրտային միջնորմի ստենդի բացում բնախտական թոքային չափազանց բարձր ճնշման բուժման համար», Օսվալտ Խաչատուրեան (Սուրիա, Հալէպ) «Կլինիկական դրութիւն, զեկոյց Հալէպէն», Միքայէլ Իսայեան` (Ռուսաստան, Գալինինկրատ) «Փոքր տրամագիծով շնչերակային փականի փոխարինումէն յետոյ, ձախ փորոքի գերաճի յետընթաց տարեց հիւանդներու մօտ», Նարպէ Մելիքեան` (Անգլիա, Լոնտոն) «FFR 2015թ.-ի սրտաբանութեան մէջ կիրառուող նորագոյն արդիւնաւէտ եղանակ», Ալէք Վահանեան (Ֆրանսա, Փարիզ) «Ի՞նչ կարելի է ակնկալել սրտի փականի հաւանական հիւանդութեան ենթամաշկային բուժումէն», Եաւատ Զիպաենեզհադ` (Իրան, Շիրազ) «Ենթամաշկային սրտային միջամտութիւն», Արմանտ Էքերը` (Մոնաքօ, Մոնթէ Գառլօ) «Իշեմիկ սրտային զարկերակի հիւանդութիւններու մէջ ձախ փորոքի վերականգնում», Տաւուտ Մոյաետ` (Իրան, Թեհրան) «Արտաքին ազդրային-երակային միջամտութիւններ. կրնանք արդեօք ապահովել երկարժամկէտ արդիւնք», Տմիթրի Աստապով` (Ռուսաստան, Նովոսիպիրսկ) «The bioLAB Mono» առանց ստենդաւորման հիւսուածքային փական. շնչերակային փականի փոխարինման վաղ ի յայտ եկած արդիւնքները» թեմաներով:
Համաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին Սեպտեմբեր 12-ին, ժ.09:30-էն Էրեբունի պլազայ բ/կ-ին մէջ: