Հայ Գիտնականը` ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարի Խորհրդական

Հայ գիտնական Վոն Թուրեկեան (Vaughan Turekian) նշանակուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի` գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հարցերով խորհրդական:

Ըստ civilnet.am-ի՝ ԱՄՆ ԱԳ նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ այս պաշտօնին Թուրեկեան պիտի զբաղի միջազգային բնապահպանական իրավիճակի, գիտութեան, արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան հետ առնչուող հարցերով, որոնք ազդեցութիւն կ՛ունենան ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Նախքան ԱՄՆ-ի ԱԳՆ խորհրդական նշանակուիլը Վոն Թուրեկեան եղած է Գիտութեան զարգացման ամերիկեան ընկերակցութեան արտաքին կապերու զարգացման գծով տնօրէնը:

Գիտնականը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու թոռ է: Անոր հայրը յայտնի երկրաքիմիկոս Քառլ Թուրեկեանն է, որ 2000-ին դասախօսած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Scroll Up