«Մոլոթով» Տիպի Ռումբ Նետած են Կլենտէյլի Հայաստանի Հիւպատոսութեան Վրայ

Օգոստոս 10-ին անյայտ յանցագործ մը «Մոլոթով» տեսակի ռումբ մը նետած է Կլենտէյլի Հայաստանի հիւպատոսութեան շէնքին վրայ, այս մասին «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին յայտնած է լաւատեղեակ անձ մը, որ չէ ցանկացած բացայայտել իր անունը:

Հիւպատոսութեան վերահսկողութեան տեսախցիկները արձանագրած են, որ ժամը 00.03-ին  մեքենայ մը կանգ առած է հիւպատոսութեան շէնքին մօտ: Ուղեւորը դուրս եկած է մեքենայէն եւ դիւրավառ հեղուկով լի շիշը վառելով նետած շէնքին ուղղութեամբ: Նետուած առարկայէն այրման հետքեր մնացած են շէնքի արտաքին պատի փոքր հատուածի մը վրայ եւ խանձուած են մօտակայ ծառի ճիւղերը:

Երբ Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը հասաւ հիւպատոսութիւն, յարձակուողները արդէն փախած էին յանցագործութեան վայրէն:

Թէ Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը, թէ ԱՄՆ-ի պետական բաժանմունքի անվտանգութեան ծառայութիւնը աշխոյժօրէն կը հետաքնէ հրկիզման փորձը:

Առաջին անգամ է, որ հայկական դիւանագիտական շէնք մը յարձակման ենթարկուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ հաւանաբար` ամբողջ աշխարհի մէջ:

Կլենտէյլի ոստիկանութեան մամուլի խօսնակը «Քալիֆորնիա քուրիըր»-ին ըսած է, որ չի կրնար որեւէ մեկնաբանութիւն ընել, քանի որ միջադէպի շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:

Scroll Up