Պուէնոս Այրէսի մէջ կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած գիտաժողով

Լա Փլատա համալսարանի լրագրութեան եւ սոցիալական հաղորդակցութեան բաժանմունքին մէջ  կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած գիտաժողով:

«Արմէնփրէս»-­ի հետ զրոյցին Արժանթինի հայ համայնքէն տեղեկացուցին, որ «Պատմութեան ձայն»-ը խորագիրով գիտաժողովին մասնակցած են արժանթինցի փրոֆէսորներ Լինօ Սուզան եւ Ատրիանա Էչեզուրին, որոնք ներկաներուն համար կարդացած են Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական եւ քաղաքական երեւոյթներուն  նուիրուած դասախօսութիւն:

Գիտաժողովի աւարտին ելոյթ  ունեցած են նաեւ համայնքի յայտնի դէմքեր ու կարեւոր նկատած են Արժանթինի դերն ու մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ:

Scroll Up